Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Խստիւ Կը Քննադատէ Հաւաքականի Մարզիչը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ լիբանանեան պասքեթպոլին հետ կապուած վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
Ան իր խօսքին սկսաւ ըսելով, թէ Լիբանանի հաւաքականի մարզիչ Ղասսան Սարգիսն է, որ կը դրդէ ժողովուրդը եւ աւելի կը բարդացնէ հարցը:
Ան աւելցուց, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Սարգիս ժողովուրդը կը գրգռէ ֆետերասիոնին դէմ, եւ այպանեց զայն ըսելով, որ ան միշտ հարց կը ստեղծէ խաղացողներուն, իրաւարարներուն կամ համակիրներուն հետ:
Շարունակելով իր խօսքը` Ապու Ապտալլա ըսաւ, թէ իր կարելին պիտի ընէ այս հարցը լուծելու համար եւ եզրափակեց իր տուած ասուլիսը նշելով, որ քաղաքական միջամտութիւններուն պատճառով է, որ հոս հասաւ Լիբանանի պասքեթպոլի վիճակը:
CATEGORIES Մարզական