Ըստ «Ժարիտա»-ի. Ապպաս Կիրակի Օր Գահիրէ Պիտի Այցելէ
Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մտադիր է կիրակի օր Գահիրէ այցելել: Այդ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ, մինչ լարուածութիւնը կը բարձրանայ պաղեստինեան Համաս շարժումին եւ եգիպտական լրատուամիջոցներուն միջեւ: Վերջիններս Կազայի իսլամականները կ՛ամբաստանեն Սինայի թերակղզիին մէջ ահաբեկչական արարքներուն աջակցելու յանցանքով:
Ապպաս Գահիրէի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի եւ եգիպտացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Այդպիսով, ան Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն ետք արաբ երկրորդ ղեկավարը պիտի ըլլայ, որ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու վարչակարգի տապալումէն ետք Եգիպտոս կ՛այցելէ: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժարիտա»-ին յայտնեցին, որ Ապպաս Գահիրէի մէջ պիտի քննարկէ Սինայի թերակղզիին մէջ կացութիւնը, Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ գոյութիւն ունեցող ապօրինի փապուղիներն ու մաքսանենգումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հաշտութեան թղթածրարը, որուն հետ տարիներէ ի վեր զբաղող կողմը եգիպտական գաղտնի սպասարկութիւնն է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` պաղեստինցիներուն եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն վերստին ընթացք տալու ջանքերուն լոյսին տակ, Եգիպտոսի մէջ Ապպասի հանդիպումներուն ընթացքին պիտի արծարծուին նաեւ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան հոլովոյթին վերջին զարգացումները:

