Ըստ Իսրայէլեան «Տեպքա» Կայքէջին. Եգիպտական Բանակը Սպառնացած Է Ամերիկեան Նաւատորմիղը Ընկղմել, Եթէ Եգիպտոսի Մէջ Միջամտութիւն Կատարէ

Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ եգիպտական բանակը Միացեալ Նահանգներուն Եգիպտոսի մէջ միջամտութեան վերաբերեալ բուռն զգուշացում մը ուղղած է, իսկ եգիպտական պատերազմական օդանաւերը ուժի ցուցադրութեամբ մը թռիչք կատարած են Միջերկրական ծովուն մէջ ամերիկեան նաւատորմիղին վերեւ:

Կայքէջը կը նշէ, որ եգիպտական պատերազմական օդանաւերը ռուսական հին արտադրութիւն են, սակայն եգիպտական բանակը զանոնք զարգացուցած է: Այդ օդանաւերը ամերիկեան մարտանաւերուն վերեւ թռիչքներ կատարած են եւ սպառնացած զանոնք հարուածել, ինչ որ այդ նաւերը ընկղմելու եւ իր հողերուն գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Եգիպտոսի կարողութեան ցուցադրութիւն մըն է:

«Տեպքա» կը հաղորդէ, որ եգիպտական բանակը այդ ուժգին հակազդեցութիւնը ցուցաբերած է ամերիկեան կողմի այն յայտարարութենէն ետք, թէ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումէն ետք Եգիպտոսի տագնապին միջամտելու նպատակով Կարմիր ծովուն մէջ Եգիպտոսի ափերուն մօտ կ՛ուղարկէ 2600 նաւազներ փոխադրող մարտանաւեր:

Իսրայէլեան կայքէջը կը նշէ, որ եգիպտական մասնայատուկ ուժերը մեծ զարգացում ապրած են, իսկ ցամաքային ուժերն ու անկարգելաւորները մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած են եւ այժմ Սինայի մէջ գործողութիւններ կատարելու մեծ կարողականութիւն ձեռք բերած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )