Շալոմ 30 Յուլիսին Ուաշինկթընի Մէջ Պաղեստինցիներու Հետ Բանակցութեանց Վերսկսում Կը Նախատեսէ

Սիլվան Շալոմ

Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի անդամ մը երէկ յայտնեց, որ պաղեստինցիներու եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ խաղաղութեան բանակցութիւնները կրնան յառաջիկայ շաբաթ վերսկսիլ:

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Սիլվան Շալոմ բռնագրաւուած Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ «Ինչպէս այսօր հասկցայ, կը կարծեմ, որ պաղեստինցիները պիտի որոշեն յառաջիկայ շաբաթ (բանակցութեան սեղան) գալ»:

«Սակայն անշուշտ ասիկա բան մը չէ, որուն մասին կրնամ յանուն պաղեստինցիներուն խօսիլ: Եթէ անոնք այդ մէկը կատարեն, ինչպէս ըսի, բանակցութիւններ պիտի սկսին յառաջիկայ երեքշաբթի օր` Ուաշինկթընի մէջ», ըսաւ Շալոմ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի անցեալ ուրբաթ օր յայտարարեց, որ կողմերը շուրջ եռամեայ սառեցուած վիճակէն ետք խաղաղութեան նոր բանակցութիւններու ենթահողը պատրաստեցին, եւ թէ կը սպասէ, որ անոնք մօտ օրէն իրենց բանագնացները Ուաշինկթըն ուղարկեն:

Իսրայէլ կ՛ըսէ, որ պատրաստ է առանց նախապայմաններու բանակցութեանց վերսկսելու, սակայն պաղեստինցիները Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ հաստատուելիք իրենց պետութեան սահմաններու ուրուագծման երաշխիքներ կ՛ուզեն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )