Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Միջամտութեան Հետեւանքներէն

Մարթին Տեմփսի

Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի յայտնեց, որ ինք կը զգուշանայ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան յորդորէն` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ չսերտուած որեւէ քայլ այդ պետութիւնը ձախողած պետութեան կը վերածէ:

Զօր. Տեմփսի լրագրողներուն յայտնեց, որ «զինուորական լուծումի յանձնարարական մը ներկայացնելէ առաջ պէտք է համոզուիմ, որ զինուորական ընտրանքէն ետք եկողը պիտի չառաջնորդէ ձախողած պետութեան, որուն մէջ տառապանքը ներկայէն աւելի վատ է»:

Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետը նաեւ ըսաւ, որ  քաղաքական ղեկավարները զինուորականին կողքին նաեւ այլ ընտրանքներ պէտք է քննարկեն: «Ես չեմ ըսեր, թէ միջազգային ընտանիքը ոչինչ պէտք է ընէ: Ես կ՛ըսեմ, որ դուք պէտք ունիք ռազմավարութեան մը, որ զինուորական ընտրանքը ուժային այլ միջոցներուն կը կապէ»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ Սուրիայէն Հըզպալլայի արդիական զէնքերու փոխանցման մերժումի սկզբունքի յարգման նկատմամբ իր լրջութիւնը փաստեց: «Այդ հարցը Իսրայէլի համար կարմիր գիծ կը նկատուի», նշեց ան:

Մինչ այդ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ ընդդիմադիր զինեալները Խանասեր գիւղին վրայ յարձակում գործելով փակած են Հալէպի պաշարուած թաղամասերը սննդեղէնով մատակարարելու միակ ճամբան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )