Թունուզցի Ընդդիմադիր Մոհամետ Պրահիմի Ահաբեկուեցաւ

Մոհամետ Պրահիմի

Անծանօթ զինեալներ երէկ մայրաքաղաք Թունուզի մօտ գտնուող Արիանէ քաղաքի Ղազալէ թաղամասին մէջ գտնուող իր տան առջեւ ահաբեկեցին թունուզցի ընդդիմադիր գործիչ Մոհամետ Պրահիմին:

Վերջինիս այս ամսուան կէսերուն հիմնած Ժողովրդային հոսանք կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Խալիֆէ «Եունայթըտ Փրես Ինթըրնեշընըլ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ անծանօթներ Պրահիմին իր տան մէջ յարձակումի ենթարկած են եւ զինք սպաննելէ ետք փախուստի դիմած:

Ըստ բժշկական աղբիւրներու, 58-ամեայ Պրահիմի 11 փամփուշտ ստացած է:

Պրահիմի այս ամսուան սկիզբը հրաժարած էր Ժողովրդային շարժում կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն` առարկելով, որ շարժումին կազմակերպչական եւ քաղաքական աշխատանքները խանգարուած են, ապա հիմնադրած էր Ժողովրդային հոսանք կուսակցութիւնը, որուն ընդհանուր գործավարի պաշտօնը ստանձնած էր:

Ան ծանօթ է Իսլամ եղբայրները եւ Թունուզի մէջ իսլամական շարժումին քաղաքական թեւը` Նահտա կուսակցութիւնը քննադատող իր կեցուածքներով:

Թունուզի Ժողովրդային ճակատ կուսակցութիւնը Պրահիմիի ահաբեկումէն ետք կոչ ուղղեց կառավարութիւնը տապալելու եւ խորհրդարանը լուծարելու: Իսկ հազարաւորներ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց կատարեցին: Ապահովական ուժերը զանոնք ցրուելու համար արցունքաբեր կազ օգտագործեցին:

Նահտա կուսակցութիւնը Պրահիմիի ահաբեկումը Թունուզի մէջ ժողովրդավարական փոխանցման դէմ դաւ մը նկատեց:

Քաղաքայիններ նաեւ Թունուզի Հապիպ Պուրքեպա թաղամասին մէջ փողոց դուրս եկան` բողոքելով ահաբեկումներու շարունակման դէմ:

Սիտի Պուզիտ նահանգին Մաքնասի քաղաքին մէջ ցուցարարներ Նահտա շարժումին կեդրոնատեղին հրկիզեցին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )