Այսօր Նախատեսուած Ցոյցերուն Նախօրեակին. Եգիպտական Բանակը Ճամբու Քարտէսին Միանալու Համար Իսլամ Եղբայրներուն 48 Ժամուան Պայմանաժամ Մը Ճշդեց

Եգիպտական բանակը երէկ գիշեր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ցուցարարներուն դէմ զէնքի ուժի պիտի չդիմէ` շեշտելով, որ «զինեալ ուժերը իրենց զէնքը երբեք իրենց ժողովուրդին դէմ չեն բարձրացներ, այլ` բռնարարքներուն եւ ահաբեկչութեան»:

Աւելի՛ն, եգիպտական բանակը Եգիպտոսի ներկայ տագնապի լուծման համար ճամբու քարտէսին միանալու համար Իսլամ եղբայրներուն 48 ժամուան պայմանաժամ մը ճշդեց` ընդգծելով, որ «ուրբաթ օրուան ցոյցերէն ետք բռնարարքներուն եւ ահաբեկչութեան  հետ վարուելու ռազմավարութիւնը պիտի փոխուի»:

Եգիպտոսի ազգային պաշտպանութեան խորհուրդը, որուն անդամ են երկրի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր, վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի, պաշտպանութեան նախարար Ապտել Ֆաթթահ Սիսի եւ բանակի հրամանատարներէն շատեր, երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պետութիւնը իր բոլոր կառոյցներով ու հաստատութիւններով, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ծիրին մէջ ոեւէ մէկուն պիտի չարտօնէ իր քաղաքացիները սարսափեցնել, պետութեան ու հասարակութեան դէմ զէնք բարձրացնել կամ ներքին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը չքացնել:

Հաղորդագրութիւնը այսօր Իսլամ եղբայրներու համակիր եւ ընդդիմադիր ցոյցերուն ընթացքին բռնարարքներու հաւանականութեան ցուցանիշ կը նկատուի:

Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Ահմետ Մուսլումանի ցուցարարներուն կոչ ուղղեց ցոյցերը խաղաղ պահելու` նշելով, որ ապահովութեան միակ պատասխանատուն պետութիւնն է:

Վարչապետ Պեպլաուի ողջունեց զօր. Սիսիի կողմէ եգիպտացիներուն ուղղուած այսօր ցոյց կատարելու հրաւէրը` աւելցնելով, որ իրենք սահմանադրութեան մը նախագիծը, խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ կը պատրաստեն` յոյս յայտնելով, որ անոնք մօտիկ ապագային տեղի ունենան:

Պեպլաուի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, թէ ան որ այսօր նախատեսուած ցոյցերուն ուրախ մթնոլորտը կը խանգարէ, ամենայն վճռակամութեամբ պիտի դիմակայուի` եգիպտական հասարակութեան ապահովութիւնը պահպանելու համար:

Վարչապետը ըսաւ, որ կառավարութիւնը ուժեղ կերպով կը կանգնի ցուցարարներուն ետին, սակայն օրէնքի սահմաններուն մէջ` շեշտելով, որ Եգիպտոս աշխարհիկ պետութիւն է եւ ոչ թէ կրօնական կամ զինուորական:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ «Էֆ-16» կործանիչներու Եգիպտոսի յանձնումը առկախուած է` մտահոգութիւն յայտնելով, որ զօր. Սիսիի հրաւէրով տեղի ունենալիք ցոյցերուն ընթացքին բախումներ տեղի ունենան:

Share this Article
CATEGORIES