Հըզպալլայի Գծով Եւրոպական Միութեան Որոշումը Դուռ Կը Բանայ Թեր Ու Դէմ Կարծիքներու
Վերջին օրերուն քաղաքական յատկապէս տեղական շրջանակներու խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական ցանկի վրայ տեղադրող Եւրոպական Միութեան որոշումը: Անդրադարձները առաւելաբար կեդրոնացան այս որոշումին ունենալիք ազդեցութեան եւ հետեւանքներուն վրայ: Ոմանք մտավախութիւններ յայտնեցին` այս որոշումին պատճառով լիբանանեան տնտեսութեան կրելիք հաւանական վնասներուն գծով: Նմանապէս մտահոգութիւն դարձաւ երկրի քաղաքական թղթածրարներու բարդացման գծով այս որոշումին ունենալիք հակազդեցութիւնը:
Փոխադարձաբար, այլ կարծիքներ ձեւական նկատեցին այս որոշումը` ընդգծելով, որ անիկա ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել Հըզպալլայի վարկին վրայ, յաչս լիբանանեան թէ արտաքին շրջանակներու: Անոնք այս որոշումը նկատեցին ամերիկեան ու յատկապէս սիոնական ճնշումներու հետեւանքով բանաձեւուած որոշում մը:
Այս առնչութեամբ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ երէկ շարունակեց իր մագոգային հանդիպումները` Պիքֆայայէն Հարաւային արուարձաններ, փորձելով լուսաբանել, թէ այս որոշումը ոչ մէկ ձեւով կրնայ խանգարել Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնը լիբանանեան քաղաքական ուժերու, ներառեալ` Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ: Էխհորեսթ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին` հերքելով, թէ ինք Լիբանանէն իր հեռացումը պահանջող սպառնալիքներ ստացած է: Նմանապէս ան հերքեց, թէ այս որոշումը կ՛ազդէ Հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործունէութեան վրայ:
Էխհորեսթ իր այս տեսակէտները պարզող անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երէկ Հըզպալլայի դիւանագիտական հարցերու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի, ինչպէս նաեւ վարչական հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշի հետ: Նախապէս ան Պիքֆայայի մէջ տեսակցած էր նաեւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ:
Այս ծիրին մէջ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն նախարար Ֆընէյշ դատապարտեց որոշումը` պահանջելով յետս կոչել զայն, որովհետեւ «այլապէս կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ»:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ հերքեց, թէ այս որոշումը կրնայ ազդել ՄԱԿ-ի գործունէութեան, յատկապէս Հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շարժումներուն վրայ, «որովհետեւ այդ ուժերը հոս կը ներկայացնեն ՄԱԿ-ը եւ իրենց հրահանգները իրենց երկիրներէն չեն ստանար, այլ` ՄԱԿ-էն»: