Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Աւելցնելու Հայաստանին, Ղարաբաղին Եւ Ջաւախքին Տրամադրուող Օգնութիւնը

Րաֆֆի Գարագաշեան

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի իրաւական հարցերու ղեկավար Րաֆֆի Գարագաշեան հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ` կոչ ուղղելով աւելցնելու Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին տրամադրուող օգնութիւնը:

Գարագաշեան նշած է, որ Ղարաբաղ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը դիմակայելու հարց ունի, իսկ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումն է, որ բոլոր ազգերը արժանի են ազատութեան եւ ինքնորոշուելու իրաւունք ունին:

Ըստ Գարագաշեանի, մօտ 5 միլիոն տոլար անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման համար, 10 առ հարիւրով կարելի է աւելցնել Վրաստանի հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախքի զարգացման ուղղուած գումարը, ինչպէս նաեւ 50 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց խստացնելու 907 յօդուածը, վերցնելու Միացեալ Նահանգներ-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կապերու արգելքը եւ աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ իրականացուող` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած խաղաղ բանակցութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )