Նախքան Փոխադրամիջոցներու Թանկացման Որոշումին Վերանայումը Մամլոյ Ասուլիս` Մաշտոցի Պուրակին Մէջ
Երեւանի մէջ հասարակական փոխադրամիջոցներու վարձքի սղութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կատարող քաղաքացիական գործիչները չորեքշաբթի օր Մաշտոցի պուրակին մէջ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պահանջեցին անյապաղ դադրեցնել «մարդոցմէ խաբէութեամբ 150 դրամ առնելը» եւ պատասխանատուութեան ենթարկել բոլոր այն անձերը եւ պաշտօնեաները, որոնք ներգրաւուած են փոխադրամիջոցներու գինի բարձրացման փորձերուն մէջ:
Գործիչները հինգ օր շարունակ բողոքի տարբեր շարժումներ կը կազմակերպեն, կանգառներուն մէջ կոչ կ՛ուղղեն վճարելու 100 դրամ երթուղայիններուն եւ փոխադրակառքերուն համար, եւ 50 դրամ` թրոլեպուսի համար:
Բացի այս նախաձեռնութիւններէն կը գործէ նաեւ «ֆրի քար» շարժումը, մարդիկ կամաւոր կերպով ձրի կը տեղափոխեն կանգառներուն մէջ սպասողները: «Ֆէյսպուք»-ը ողողուած է այս շարժումներուն մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնողներու գրառումներով: Նախանցեալ օր արդէն նկատելի էր սեփական փոքր պասեր ունեցողներուն աշխուժութիւնը ուղեւորները ձրի տեղափոխելու հարցին մէջ:
«Ասով բացայայտուեցան մեր հանրութեան մէջ թաքնուած զօրակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան աղբիւրները: Ասիկա կը նշանակէ, որ որեւէ հակաընկերային եւ հակաիրաւական որոշումի կը յաջորդէ մարդոց համախմբուած արձագանգը», յայտնեց քաղաքացիական հասարակութեան գործիչ Լենա Նազարեան:
Վերջին օրերուն աշխուժօրէն կը քննարկուի նաեւ պաշտօնեայ «գծատէրեր»-ու հարցը: Քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները կը շեշտեն, որ մարզին մէջ որոշում տուողները կ՛առաջնորդուին իրենց սեփական շահերով:
Անոնք նաեւ յայտարարեցին, որ քաղաքապետարանէն կը պահանջեն հրապարակել ուղեւորափոխադրումներ իրականացնող ընկերութիւններուն ցանկը, վերջին հինգ տարուան ընթացքին անոնց վճարած հարկերը, եկամուտները եւ գործունէութեան գնահատումները: Կը պահանջեն նաեւ այսուհետեւ հանրային փոխադրամիջոցներու հետ կապուած հարցերու քննարկման ու որոշումներ տալու ընթացքին ապահովել հանրութեան մասնակցութիւնը: Քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները կարեւոր հարցերու շարքին կը դասեն նաեւ երթուղայիններու վարորդներու իրաւունքներու ապահովումը: Անոնք յայտարարեցին, որ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ հանրային պահանջներու կատարումը: Մինչդեռ ոստիկանութիւնը տարածած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու հաւաքները «չեն կրնար նկատուիլ ինքնաբուխ, անոնց վրայ չեն կրնար տարածուիլ «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի երրորդ գլուխով սահմանուած` առանց իրազեկման կատարուող հաւաքներուն վերաբերող կանոնները», հետեւաբար` նշուած հաւաքները, ըստ ոստիկանութեան, պէտք է կատարուին օրէնքով սահմանուած իրազեկման կարգին պահպանումով:
Նախանցեալ օր Մաշտոցի պուրակին մէջ ասուլիսի հրաւիրած գործիչները պնդեցին, որ ցոյցերը նոյն ոգիով պիտի շարունակուին:
Ըստ գործիչներուն, կարելի է, որ յառաջիկայ օրերուն ցոյցերը տեղի ունենան նորանոր դրսեւորումներ` այնքան, մինչեւ որ քաղաքապետարանը ստիպուած ըլլայ չեղեալ յայտարարել փոխադրամիջոցներու վարձքի բարձրացման որոշումը: