Երեւանի Քաղաքապետը Կասեցուց Ուղեվարձի Բարձրացման Մասին Որոշումը
Ըստ Երեւանի քաղաքապետարանի կայքէջին վրայ հրապարակուած տեղեկատուութեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան կասեցուց հասարակական փոխադրամիջոցներու վարձքի բարձրացման մասին որոշումը:
Քաղաքապետը յայտարարեց, որ ինք արդէն յանձնարարած է ստեղծել մասնագէտներէ եւ շահագրգիռ անձերէ կազմուած յանձնախումբ մը, որ քանի մը ամիսներու ընթացքին պէտք է մշակէ բոլոր այն մեքանիզմները, որոնք թոյլ կու տան ամբողջական դարձնել «Երեւան քաղաքի ներքաղաքային փոխադրամիջոցներու վարձքը վերատեսութեան ենթարկելու մասին» որոշումը:
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք նաեւ այս օրերուն մայրաքաղաքի կանգառներուն մէջ մեր երիտասարդներուն կողմէ կազմակերպուող ցոյցերուն եւ հնչող կոչերուն: Ինծի կ՛ուրախացնէ այն ջերմութիւնը, որ այսօր կրկին կայ երեւանցիներուն միջեւ իրարու օգնելու, իրարու նկատմամբ աւելի հոգատար ըլլալու առումով: Այս ջերմութիւնը արժէք է, զոր պէտք է կարենանք պահել մեծ ու մնայուն գործել կատարելու համար: Միեւնոյն ժամանակ կ՛ափսոսամ երբեմն-երբեմն նկատուող տգեղ վերաբերմունքէն մեր վարորդներուն նկատմամբ. իրականութեան մէջ ծանրագոյն աշխատանք կատարող ու ոչ համապատասխան վարձատրութիւն ստացող այդ անձերը մեծագոյն յարգանքի արժանի են: Չկայ մենք-դուք: Կայ հինաւուրց մայրաքաղաքը եւ կանք մենք` բոլորս: Ու մենք միասին արժանի ենք Երեւանին հատուցելու», ըսուած է քաղաքապետի յայտարարութեան մէջ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ սակագինը այլեւս 150 դրամ չէ, այլ` 100:
Այս ուղերձին նախորդած էր Երեւանի աւագանիի խմբակցութիւններուն հետ Մարգարեանի հանդիպումը, իսկ օրուան առաջին կիսուն վարձքի բարձրացման ու անոր յարուցած հասարակական ընդվզումներուն մասին կառավարութեան նիստին անդրադարձած էր վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: «Մենք կը նկատենք, որ ասիկա մարդոց ինքնաբուխ շարժում է, որ կուսակցական բնոյթ չունի` հակառակ անոր, որ վերջին օրուան իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ որոշ կուսակցութիւններ կը ցանկան առիթէն օգտուիլ: Բայց բուն պատճառը քաղաքապետարանի որոշումն է` փոխադրամիջոցներու սակագիներու փոփոխութեան վերաբերեալ», ընդգծեց Տիգրան Սարգսեան:
Ըստ վարչապետին, այս շարժումը կը կրէ նաեւ ընկերային բնոյթ ` ընկերային համերաշխութեան, արդարութեան, աղքատութեան դէմ:
«Մենք ձեզի հետ միասին կը տեսնենք, որ Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի ուժեղ քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ մենք ձեզի հետ միասին պարտաւոր ենք հաշուի առնել այս իրողութիւնը` պետական որոշումներ տալու ընթացքին: Եւ պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման բոլոր խնդիրներուն շուրջ», ընդգծեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Դիմելով կառավարութեան անդամներուն` վարչապետը յայտնեց, որ ինք միշտ կը պահանջէ կառավարութենէն, որ մեծ զանգուածներուն հետ առնչուող որոշումները անպայման քննարկուին հանրութեան հետ, անպայման ներգրաւուին հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Ցոյցը`
Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց
Երէկ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց:
Ցուցարարներուն միացան տասնեակ մը քաղաքացիներ, որոնք վրդոված փոխադրամիջոցներու վարձքի թանկացումէն` կառավարութիւնը կը քննադատէին: «Տարօն Մարգարեանի պաշտօնը ընտրովի է, ուրեմն ան պարտաւոր է ընտրողներուն հաշուետուութիւն տալ այսպիսի որոշումներ տալէ առաջ: Կը պահանջենք պատասխանատուութեան ենթարկել թանկացման որոշումը կայացնող պաշտօնեաները», բարձրախօսով կը յայտարարէին ցոյցի մասնակիցները: Երիտասարդները կոչ կ՛ուղղէին բոլոր քաղաքացիներուն` ոչ մէկ պարագայի 150 դրամ վճարելու: Անոնք կառավարութեան շէնքին առջեւ այրեցին թուղթեր, որոնց վրայ գրուած էր «150 դրամ»:
«Դուք պատասխան պիտի տաք, դուք պիտի պատժուիք: Մենք ենք այս երկրին տէրերը», կը յայտարարէին երիտասարդները: Ցոյցին մասնակիցները կը վստահեցնէին, որ ասիկա ոչ թէ կուսակցութիւններու, այլ քաղաքացիական պայքար է: «100 դրամը ընդամէնը առիթն է այս ամբողջ լարուածութեան, ժողովուրդի բարոյահոգեբանական վիճակին: 100 դրամը դարձաւ առիթ մը, որ ժողովուրդը ընդվզի», կ՛ըսէին երիտասարդները:
Դիմելով քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` անոնք նկատել տուին, որ Մարգարեան ընտրութիւններէն առաջ խոստացած էր փոխադրամիջոցի սակագինը չբարձրացնել, բայց բոլորին խաբեց:
Ի Վէրջոյ Ժողովուրդին Արդարութեան Բողոքի կանչը Փաստուեցաւ,պարզուեցաւ Իշխանութեան Անարդար որոշումը սակերը 100% բարձրացման մեքենայի վառենոյթին