Ռամիրես Ուրախ Է Մուրինիոյի Ներկայութեամբ
Լոնտոնեան Չելսի ակումբի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ակումի պրազիլցի միջնապահ պրազիլցի Ռամիրես խոստովանած է, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ այս տարեշրջանի սկիզբին:
Ան պատրաստ է ամէն ձեւով օգնելու խումբին եւ շատ ակնկալիքներ ունի նոր մարզիչ Մուրինիոյէն:
Ան կը կարծէ, որ նոր մարզիչին գլխաւորութեամբ եւ յամառ աշխատանքի շնորհիւ խումբը պիտի պայքարի բոլոր տիտղոսներուն համար եւ պիտի հասնի լաւագոյնին:
Ան ցանկաց տիրանալ բոլոր տիտղոսներուն, որովհետեւ շեշտեց, որ բոլորն ալ կարեւոր են եւ ըսաւ, թէ հաճելի է այդպէս մտածել, երբ վստահ ըլլաս, որ խումբը այդ կարողութիւնները ունի:
CATEGORIES Մարզական


