Մոնաքօ Մտադիր Է Ձեռք Բերել Փորթուգալցի Բերդապահը
Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մոնաքօ իր հետաքրքրութիւնը յայտնած է փորթուգալեան Սփորթինկ ակումբի բերդապահ Ռույ Փաթրիսիոյի նկատմամբ:
Մոնաքօ պատրաստ է 25 տարեկան Փաթրիսիոյի համար վճարելու տասը միլիոն եւրօ:
Նախորդ տարեշրջանին ան մասնակցած է փորթուգալեան ախոյեանութեան 30 խաղերու եւ ստացած է միայն 36 կոլ եւ իր դարպասը անառիկ պահած է եօթը առիթներով:
CATEGORIES Մարզական


