Կուարտիոլա. «Պարսելոնայի Դէմ Խաղը Բարդ Էր Ինծի Համար»
Պայէրն Միւնիխի նոր մարզիչ, սպանացի Փեփ Կուարտիոլա, իր նախկին ակումբին` Պարսելոնայի դէմ բարեկամական խաղէն 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Ան ըսաւ, թէ Պարսելոնան շատ լաւ խումբ է, եւ իրենք դիւրութեամբ չյաղթեցին Պարսային, բայց աւելցուց, որ իրենց առջեւ բացուած բոլոր առիթները օգտագործեցին եւ կրցան յաղթել մրցումին:
Իր խօսքի աւարտին, ան նշեց, որ այս խաղը իրեն համար իւրայատուկ էր, որովհետեւ իր ամբողջ կեանքը անցուցած էր Պարսելոնայի մէջ` իբրեւ խաղացող եւ մարզիչ, բայց ըսաւ նաեւ, որ ներկայիս շատ ուրախ է Պաւարիոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական