«Ռինկ Փոքեր Պաթըլ» Մրցաշարքը

Այսօր Հայաստանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնը երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ գերբաժակի մրցանքը: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն չորս մարզիկներ եւ յաղթողները անմիջապէս կը հասնին աւարտական խաղին:

Լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ֆետերասիոնի նախագահ Արամ Աբրահամեան ըսաւ, թէ այս տարուան մրցաշարքին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ գերծանր կշիռքի մենամարտ մը, որ իրար դէմ պիտի հանէ Հայաստանէն Յովհաննէս Անտոնեանը եւ Վրաստանէն Իրակլի Պիպիան:

Ան աւելցուց, որ այս երկուքը շատ լաւ մարզիկներ են, եւ խոստացաւ հանրութեան, թէ ականատես պիտի դառնայ շատ հետաքրքրական մենամարտի մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )