Խմբագրական «Ասպարէզ». Յաղթանակի Երաշխիքը
Պայքարի յաղթական աւարտի երաշխիքը` պայքարողի հաւատքի ու համոզումի ուժն է, անոր վճռակամութիւնը: Այս հաւատքով, համոզումով ու վճռակամութեամբ ճամբայ ելած ոեւէ մարտիկ ոչ թէ անպարտելի է, այլ հաստատօրէն կը հասնի իր նպատակին: Եթէ ինք չհասնի, կը հասնին իր կողքինները, իր զինակիցները, իր հաւատակիցները, իր համոզումի ու գաղափարի ընկերները:
Լիզպոնի հինգ մարտիկները այդ վճռակամութեամբ, հաւատքով ու համոզումով շարժող տղաք էին, ու անոնց հետապնդած նպատակը պարտութիւն չի կրնար ճանչնալ, չի կրնար ընդունիլ, դատապարտուած է յաղթելու:
Այս հաստատումները կրնան լոզունգային արտայայտութեանց տեղ դրուիլ: Հերոսական արարքներու եւ հերոսներու փառաբանումը միշտ ալ լոզունգային նկատուելու վտանգը կը դիմագրաւէ, մանաւանդ երբ կը տեղադրուի մեր առօրեայ գործելակերպի շրջանակին մէջ:
Այո՛, այդ վտանգը իրական է եւ կրնայ ամբողջութեամբ արժեզրկել այն գերագոյն զոհողութեան ոգին, որ շարժած էր նահատակ տղաքը եւ անոնց օրինակ ծառայած մեր ազգային հերոսները:
Այդ վտանգը, սակայն, ջարդուած, ոչնչացուած է բազմաթիւ հաւատաւորներու կողմէ, որոնք Լիզպոնի տղոցմէ առաջ մահը դիմագրաւելով` պայքարած էին յանուն հայրենիքին, յանուն ազգին, եւ որոնք Լիզպոնի օրինակով քալեցին Արցախի սրբազան հողին վրայ, որոնք հայրենիք ազատագրեցին` նահատակուելով, չխնայելով իրենց մատաղ կեանքը, չյանձնուելով անձնական կեանքի յաջողութիւններ կերտելու հրապոյրներուն:
Նուիրաբերումի, հայրենասիրութեան, զոհաբերութեան Լիզպոնի տղոց նուաճած մակարդակը անհասանելի կրնայ ըլլալ շատ շատերու, կրնայ նոյնիսկ անհասկնալի ըլլալ ոմանց, սակայն այդ մակարդակին մօտենալու, հասնելու ձգտումով իսկ եթէ շարժինք, արդէն մեր մէջ բաւարար ուժ կրնանք գտնել` յաղթանակի ճամբան հարթելու, յաղթանակի վերջնակէտին հասնելու դրօշարշաւին մեր բաժինը բերելու, մինչեւ որ հասնին նոր հերոսներ, մինչեւ որ երկնուին նոր Վաչէներ, Արաներ, Սեդրակներ, Սարգիսներ ու Սիմոններ, որոնք պիտի վառեն Մասիսի կատարին իր բոցավառութեան սպասող յաղթանակի ջահը:
Եւ ասիկա լոզունգ չէ: Ասիկա կտա՛կ է` արիւնով գրուած, անջնջելի: