Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. 30 Տարի` Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու Ճանապարհով

27 Յուլիս 1983… Զոհողութեան խորհրդանիշ
27 Յուլիս 2013… 30-ամեայ ոգեշնչող պատգամ

Անցնող 30 տարուան ընթացքին բաւական խոր քննարկուեցան Փորթուգալի մէջ 1983-ին իրագործուած Լիզպոնի տղոց արարքի ծալքերը: Անձնազոհութեան արարք մը, հազիւ 20-23 տարեկան հինգ երիտասարդներ, որոնք իրենց ապագան զոհեցին իրենց ազգի ապագան երաշխաւորելու համար:

Երիտասարդ արի հայորդիներու արարքը տարբեր տեսակի արժեւորումներու ենթարկուած է: Անոր պատգամած դասերը հայոց պատմութեան ընդմէջէն մեր քաղած   փաստերն են` թէ արդարութեան իրաւունքի կերտման ճանապարհին շարուած են երիտասարդ տղոց զոհուած կեանքերը:

Լիզպոնի հինգ տղաքը, որոնց անունները դրոշմուած կը մնան իւրաքանչիւր հայ անհատի մտքին, մա՛նաւանդ անոնց, որոնք երկար ատեն ներշնչուեցան անոնց անձնազոհ վեհ արարքէն, եւ կրակով մկրտուեցան` հայութեան արդար իրաւունքներու պահանջատիրական պայքարին մէջ:

Տղոց նպատակը յստակ էր. ընդարձակել Հայ դատի պայքարը, լսելի դարձնել հայութեան իրաւունքները եւ յաջողցնել ազատ Հայաստանի գաղափարը: Նպատակը մէկ էր, սակայն պատգամները ներազգային էին, համազգային էին եւ միշտ այժմէական:

Երիտասարդական խանդի սնունդը` յոյսն ու ուժն են: Որեւէ նահանջ չճանչցող ուժը եւ միշտ աւելիին ու կատարեալին ձգտող յոյսը: Այս երկու զօրաւոր ազդակներն էին, որ մղում տուին Արային, Վաչէին, Սարգիսին, Սիմոնին Սեդրակին` ծրագրել ու իրագործել Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատան գրաւման դէպքը:

Անցնող 30 տարուան մէջ, անկասկած, շատ բան փոխուած է մարդկութեան ընկալումներուն մէջ: Նախ պէտք է յստակցնել, թէ այսօրուան պայմաններու բերումով, նմանօրինակ որեւէ արարք ոճրագործութիւն պիտի նկատուէր համայն մարդկութեան կողմէ` իբրեւ բռնութիւն, ահաբեկչութիւն, ծայրայեղականութիւն բնորոշուելով: Երթալով, սակայն, 80-ական թուականներուն եւ քննարկելով օրուան պայմանները` հասկնալի է, թէ անոնց արարքը այնքան զօրաւոր սկզբունքներու վրայ յենած էր` ցոյց տալու համար, թէ հայ երիտասարդութիւնը բացարձակապէս կը մերժէ ռազմավարական նահանջը հակաթուրք պայքարին մէջ, կը մերժէ զիջումները եւ թուլացումները հայութեան պայքարին մէջ:

Լիզպոնի «5»-ին արարքը հոգեկան եւ գաղափարական հրթիռ էր, որ հետագային այն բոցը հանդիսացաւ, որ վառեց արցախեան ազատագրութեան պայքարի կրակը` իրարու միախառնելով Լիզպոնն ու Արցախը, փաստելով, թէ երէկ եւ այսօր միշտ մէ՛կ է հայ մարտիկներու կտրած ուղին:

Նման պատգամ երբեք ժամանակավրէպ չէ: Այս մէկը կրնան հաստատել քաղաքական աշխատանք ծաւալող Հայ դատի մեր յանձնախումբերուն եւ Երիտասարդական միութիւններուն մէջ գործող հայորդիները, որոնք կը տեսնեն, թէ դժուար ժամանակաշրջաններու մէջ կը գտնուինք, ուր հայութեան դէմ մղուող պատերազմը ռազմադաշտ կը փոխէ շարունակ, Արցախեան սահմանագիծէն անցնելով միջազգային քաղաքական թատերաբեմեր, թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուութեան ապատեղեկատուական գրոհէն մինչեւ վարձու քաղաքագէտներու միջոցով ձեռք ձգուած հակահայ բանաձեւեր ու քուէարկութիւններ: Յաղթանակներն ու պարտութիւնները իրարու կը յաջորդեն եւ ճնշումները կը սաստկանան: Պայքարը սակայն կը մնայ նոյնը, ինչպէս եւ պատգամները կը մնան նոյնը` շարունակել մեր գործը լիզպոնեան անսակարկ պատրաստակամութեամբ, մեր նոր զէնքերը գործածելով, ինչպիսիք են գիտութիւնը, ու- սումը, միասնութիւնը, համախմբուածութիւնը, փորձառութիւնները, հեռատեսութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES