Ո՞ւր Էք, Տղաներ. Զրոյց… Հինգ Անձնուրաց Տղոց Յիշատակին

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

30 տարիներու բացակայ ներկայութիւն էք, ամէն օր նոյն հարցումը կ՛ուղղենք ձեզի, ձեր բացակայութեան:

– Ինչպէ՞ս գացիք Լիզպոն եւ ինչպէ՞ս նետուեցաք գիտակից մահուան գիրկը: Հազիւ 20 գարուններ բոլորած սիրտերով` մահուան աչքերուն նայեցաք խիզախութեամբ մը, որմէ թուրքը սարսափեցաւ: Այդ օրերուն ուրիշ էրտողաններ կային Ցեղասպանութիւնը ժխտող-դրժող: Այսօր օսմանին մէկ ուրիշ ժառանգորդը նոյնը կը կրկնէ: Գիտէ՞ք` ինչպիսի ծիծաղելի միտքեր կ՛արտայայտեն. թէ մենք` հայերս սպաննած եւ ջարդած ենք օսմանցիները, մենք ցեղասպանութիւն սարքած ենք: Եթէ լսէք նոր օրերու Էրտողանին բարբաջանքները, ահաբեկումի նոր ծրագիր մը կը մշակէք անկասկած: Բայց կարեւորութիւն չենք տար այդպիսի ստախօսներու: Թուրք ժողովուրդն ալ նոր արթնցած է, բողոքի ցոյցի ելած են ամիսներէ ի վեր, Պոլսոյ, Անգարայի, եւ այլ թրքական քաղաքներու մէջ: Թաքսիմ հրապարակը կը յորդի բողոքող ցուցարարներով, Էրտողանի եւ Ապտիւլլա Կիւլի ոստիկանները թունաւոր կազեր կը սրսկեն ցուցարարներու վրայ: Եթէ հոս ըլլայինք, մեզի հետ պիտի ուրախանայիք ի տես այս զուարճալի մարտնչումներուն: Վստահ ենք, որ ձեր երկնային աթոռներէն կը դիտէք Թուրքիան եւ իր աթոռատենչ վարչապետին դէմ ցցուած բազմութեան անարգական կանչերը: Այս քանի մը տեղեկութիւնները փոխանցելով ձեզի` կ՛ուզենք հաւատալ, թէ Թուրքիան անպայման պիտի իյնայ թաւալգլոր: Պատրաստ եղէք այդ օրուան, եւ խնճոյք սարքեցէք վասն կորստեան ցեղասպանին:

Յաւերժօրէն սիրելի տղաք` Արա, Վաչէ, Սարգիս, Սիմոն եւ Սեդրակ, ձեր մեկնումէն ետք Հայաստան անկախ պետութիւն եղաւ: Անշուշտ կը տեսնէք ձեր յաւիտենական եդեմէն, թէ Հայաստանը կը պարպուի իր հարազատ զաւակներէն: Վստահ ենք, որ մեզի նման դուք ալ կը ցաւիք այս կացութեան համար: Թուրքը կ՛ուրախանայ անշուշտ, որ հայերը դուրս կ՛ելլեն, կը հեռանան իրենց հայրենիքէն: Հայաստանի մէջ անգործութիւն կայ, կ՛ըսեն: Կը սիրեն Ամերիկաները, Եւրոպան, դուք նահատակուեցաք յանուն ազգի ազատագրումին, յանուն աշխարհի արթնութեան, որ հասկնան ու հաւատան, թէ թուրքը ցեղասպանութիւն գործած է: Թուրքը կ՛ուզէ Հայաստան մը` առանց հայու: Ի՞նչ կ՛ըսէք, նահատակութեամբ սրբացած տղաք: Ինչո՞ւ չեն հանդուրժեր հայրենիքին դժուարութիւններուն: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահները չկարողացան կասեցնել Հայաստանէն հոսքը արտագաղթողներուն: Եթէ հոս ըլլայիք, պիտի մնայիք միշտ երիտասարդ, միշտ քսան տարեկան, դարձեալ պիտի ուզէիք նահատակուիլ աչքերուն դիմաց այն հայերուն, որոնք լքած են հայոց աշխարհը եւ հաստատուած են հանգիստ երկիրներու մէջ:

Սիրելի՛ նահատակ տղաք, այս զրոյցը կը կատարենք իբրեւ տեղեկութիւն: Ձեր հոգիները պիտի լսեն անցած 30 տարիներու ընթացքին պատահած դժբախտութիւնները: Սփիւռքը աղէտներ կը դիմագրաւէ: Դուք ականատեսները եղած էիք լիբանանեան պատերազմին: Ներկայիս Սուրիոյ մէջ պատահած պատերազմը խռոված է սուրիահայ մեր գաղութները: Թուրքը դրացին է Հալէպի, շրջափակած է այս պատմական եւ արդիւնաւէտ, հայութեան սիրելի քաղաքը: Տակաւին հոն դիմացողներ կան: Երանի թէ հոն ներկայ ըլլայիք, կը հանդիպէիք Էրտողանին եւ կը սարսափեցնէիք զինք:

Մոռցայ ըսելու, թէ Թուրքիոյ մէջ կան թուրքեր, մասամբ արդարամիտ, որոնք դուրս ելած են Թուրքիայէն, ձեւով մը այլախոհ են եւ կը հաստատեն, թէ օսմանցին ցեղասպանութիւն կատարած է:

Թաներ Աքչամ կը կոչուի անոնցմէ մէկը, Լիբանան եկաւ, հայերուն հետ զրոյցի նստաւ, բաներ մը ըսաւ: Մենք ալ քաջալերուեցանք: Կին մըն ալ խոստովանեցաւ, թէ իր մեծ մայրը հայ էր:

Ֆեթհիէ Չեթին: Ան գիրք մը գրեց իր մեծ մօր մասին եւ հաստատեց, թէ իր մեծ հայրերը սպանդ, կոտորած ու ջարդ կատարած են: Ան ինքզինք արմատներով հայ կը նկատէ, կը դիմախօսէ թուրքերուն, ղեկավար դէմքերուն, բայց բոլորն ալ խուլ կը ձեւանան: Եթէ հոս ըլլայիք, լուծում մը կը գտնէիք խուլ ձեւացողներուն հարցը կարգադրելու: Վաչէ, Սարգիս, Սեդրակ, Սիմոն եւ Արա, ձեր նկարները տպուած են գիրքերու մէջ, միշտ երիտասարդ, իբրեւ վրէժի եւ ցասման որդիներ: Մեր երիտասարդները, ԼԵՄ-ականները, պատանիները, Զաւարեանականները, նոյնիսկ միութենական պիտակ չունեցողները կը հիանան ձեր քաջութեան: Այսօր դարձեալ ձեր նկարները կը տեսնենք մեր մամուլին մէջ: Ձեր նահատակութեան օրը, երբ Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը պայթեցուցիք, պիտի տօնենք ամենայն հպարտութեամբ ձեր քաջութեան յիշատակը: Քայլարշաւ կազմակերպած են մեր երիտասարդները Պուրճ Համուտէն դէպի ձեր յաւերժական բնակավայրը` պանթէոնին մոմեր վառելու եւ խունկ ծխելու: Պահ մը դուրս պիտի ելլէք հրաշքին թեւերով, պիտի դիտէք ձեր շուրջը, լուռ նայուածքով պիտի խրախուսէք նորագոյն սերունդը, որ շարունակեն հաւատարիմ մնալ ձեր կտակին: «Հայ ժողովուրդ, մեր փրկութիւնը մեր միասնականութեան մէջ է, մահ կամ ազատութիւն»:

Սեդրակ, Սիմոն, Սարգիս, Վաչէ եւ Արա, այսօր մեզի հետ երգեցէք ձեր սիրած երգը.

«Մենք անկեղծ զինուոր ենք, առանձին վիճակ,
Եարի փոխան զէնք եմ գրկել…»:
Յետո՞յ:
«Յառաջ, նահատակ ցեղի անմահներ»:

Ցտեսութիւն: Մեր զրոյցը կը փակենք, բայց…

«Մենք ձեզ երբեք չենք մոռանայ ու միշտ կը յիշենք…»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )