Հայրենիքը Պարտաւոր Է Յարգել Արարատին Ծնրադրած Հինգ Հայրենապաշտներուն Յիշատակը
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ի՞նչն է, որ մեզ` հաւաքաբար մղած է ամբողջ երեք տասնամեակ ըլլալու սրբազան Տղոց մտերմութեան մէջ, ապրելու անոնց հայրենասէրի շունչով, ոգեւորուելու անոնց եզակի սխրանքով, խանդավառուելու անոնց հրաշափառ կամքի արտայայտութեամբ, ունկնդիր դառնալու անոնց յաւերժահունչ կտակին, փարելու անոնց գաղափարական աշխարհին, կառչելու անոնց քաղաքական տեսլականին, հոգեզինուելու անոնց ցուցաբերած անանձնական տիպականութեամբ եւ առանձնաբար պարուրուելու անոնց սրբատաշ հոգիներէն ցայտող ցոլքերով:
Իրօք, եթէ երբեք ուզենք գէթ եզակի բնորոշում մը տալ Լիզպոնի հերոսներու գործած արարքին, ապա ընդգծել է պէտք, որ անոնք եղան ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն պայծառ դէմքերէն, որոնք շնորհիւ իրենց ազատասէրի եւ ազգասէրի կոչումին, հայրենապաշտի ու գաղափարայնութեամբ յագեցած կազմաւորումին, դարձան մերօրեայ հայ երիտասարդութեան պաշտամունքի քուրմերը:
Աւելի՛ն. ինչպիսի՞ առինքնող ուժականութիւն եւ աստուածահաճոյ տիպարի յատկութիւններով օժտուած Տղաք էին անոնք, որոնք կրցան ամբողջ ազգի մը ցաւերուն, տառապանքներուն, իղձերուն, երազներուն, հաւաքական յիշողութեան, պայքարի ոգիին, կորուսեալ հայրենիքի վերատիրացման թէ ազգային տենչերու հարազատ ու կենդանի արտայայտիչը դառնալ, եւ ճամբայ բանալ գալիք սերունդներուն` յանուն ազգային ազատագրական պայքարի բոցավառումին եւ Հայ դատի նուիրական աշխատանքներու ամրապնդումին:
Լիզպոն, 27 յուլիս 1983:
Խումբ մը քաջասիրտ ընկերներ, հաւատարիմ իրենց արեան շաղախին ու գաղափարական դաստիարակութեան, յանձն կ՛առնէին ամբողջ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսանալ` սրբազան արարքով մը, որով անոնք պիտի ցնցէին միջազգային հանրային կարծիքը եւ դիմակազերծէին վաշխառու պետութիւններու պատեհապաշտ ու գազանաբարոյ վարքագիծերը:
Այլ խօսքով, Լիզպոնի սխրանքը շառաչիւն ապտակն էր` տրուած բոլորի պիղծ ու սադայէլի դէմքերուն, որոնք օրն ի բուն կը միտէին լռութեան մատնել, չէզոքացնել, իր էութենէն պարպել եւ փոշիացնել հայութեան պայքարի կորովը, բողոքի քայլերը, ցասումի եւ ընդվզումի զանազան արտայայտութիւնները, միանգամընդմիշտ թաղելու հայոց դարաւոր երազանքը` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումը:
Այո՛, օրին ազգը գրկաբաց ընդունեց անոնց աքթը եւ խոնարհեցաւ անոնց վսեմ հոգիներուն ու անօրինակ քաջութեան առջեւ:
Երիտասարդութիւնը չբաւարարուեցաւ լոկ սովորական յարգանքի մատուցմամբ, աղօթքի մրմունջներ արտաբերելով, մոմի ու խունկի գուլաներ ծխելով, այլեւ` անոնց շիրիմները ուխտավայրի ու կտոր մը հայրենիքի վերածելով` երդուեց հաւատարիմ մնալ անոնց ժառանգին:
Պատանեկանի իրերայաջորդ սերունդներ համակ նուիրումով եւ պաշտամունքով յիշատակեցին Լիզպոնի հինգին տարելիցները, եղան անոնց մօտ` ամէն անգամ որ ուզեցին վերանորոգել իրենց խոստումը, լեցուեցան հպարտութեամբ` ունկնդրելով անոնց պատգամները, գօտեպնդուեցան Տղոց շունչով, երբ ապրեցան լիզպոնեան խոյանքին մեծութիւնն ու գաղափարական հասունութիւնը:
Եւ այսպէս, անընդմիջաբար, պատերազմի թէ խաղաղ օրերուն, 30 տարիներէ ի վեր կը շարունակուի այն աւանդը, որով յատկանշուեցաւ լիբանանահայութիւնը, իւրաքանչիւր տարուան յուլիսի 27-ին յիշատակել ու վերյիշեցնել ամբողջ մարդկութեան, թէ Հայկազեան ցեղի պատկանող հինգ հարազատներ, ականջալուր իրենց նախնեաց կտակին` պայթեցուցին իրենց հրաշափառ սրտերն անգամ, յանուն Հայ դատի ու ազգային անմոռաց տենչերու իրականցման:
Կրկնե՞լ է պէտք, որ, լիզպոնեան խոյանքէն ետք հայութիւնը ապրեցաւ անհատական թէ ազգային ըմբռնումներու նորովի փայլք մը, տեսլականի ու հմայքի անսովոր հնչեղութիւն, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ամրապնդումի առիթ, հայրենասիրութեան բարձունք մը, զոհաբերութեան աստուածային կարողութիւն, Արարատին հասնելու հայաբորբ յանձնառութիւն եւ նուիրումի ցեղային առանձնայատկութիւն:
Փաստօրէն, ժամանակի տակաւ թաւալումին առընթեր, աւելիով պայծառացան Լիզպոնի տղոց դէմքերն ու անոնց կատարած արարքին վեհութիւնը: Երիտասարդական իրերայաջորդ փաղանգներ ուխտեցին անոնց շիրիմին առջեւ` շարունակելու անոնց բացած ուղին եւ տէր կանգնելու Հայ դատին նուիրական աշխատանքներուն:
Սակայն, իրենց սրբազան նահատակութենէն 30 տարի ետք իսկ, տակաւին մեզ զարմացնող մօտեցումներու եւ հնամաշ մտքերու կը հանդիպինք:
Մտքեր, որոնց հանդէպ ճիշդ չէ լուր մնալ, անտեսել եւ կամ շրջանցել առանց հակազդող խօսքի եւ անհրաժեշտ բացատրութեան:
Արդ, ճակատագիրի հեգնա՞նք պէտք է կոչել այն երեւոյթը, թէ վերանկախացած հայրենքի մէջ իսկ տակաւին գոյութիւն ունին հայ անհատներ, որոնց համար ցարդ Լիզպոնեան խոյանքը կը ներկայանայ ո՛չ թէ իբրեւ հայոց ազգային գուպարի աննման արարք եւ անձնուիրումի հրաշալի օրինակ, այլ տարբեր բան մը, սոսկ ահաբեկչական գործ մը, եւ կամ` մարդասպանական ինքնեկ արտայայտութիւն:
Փաստօրէն, ատենին, երբ հայրենիքը կը տուայտէր Խորհրդային լուծին տակ եւ ապազգային հռչակուած էր սրբազան ամէն արժէք, Լիզպոնի արարքէն մեծապէս ոգեւորուած եւ ազդուած Արարապաշտ ու անզուգական բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազ քերթուածով մը իր հիացմունքը կ՛արտայայտէր եւ կ՛անմահացնէր Տղոց սխրանքը:
Միւս կողմէ, երբ թշնամի ազերին իր ցեղապաշտի, հայատեացի, բարբարոսի էութիւնը ցոյց տալու եւ աղաղակող պարտութիւնները քողարկելու միտումով` իրեն ցեղակից մարդասպան սաֆարովներ ազգային հերոսի պատուանդին կ՛արժանացնէ, անդին, հայ պետական մտածողութիւնն ու քաղաքական միտքը կը յամենայ ըստ արժանւոյն գնահատելու հայոց հերոսագրութեան մաս կազմող լիզպոնեան արարքի մեծութիւնը:
Ամէն պարագայի, նմանօրինակ երեւոյթներու մասին նշումները կը ծառայեն յաւելեալ զգաստութեան, կորովի, խայծի, հաւատամքի ամրապնդումին, նորովի առաջադրանքներու կենսագործումին եւ առհասարակ քարոզչական լայնածիր աշխատանքի նախանձախնդիր մօտեցումին, նոյնինքն հայրենիքին մէջ, այլապէս համբերատար, լայնախոհ ու նպատակաուղղուած գործունէութեամբ թափ տալու Լիզպոնի տղոց արարքին ու զոհաբերութեան մասին առաւելագոյն տեղեկութիւնը փոխանցելու եւ, մահուամբ իսկ նուաճուած խոյանքին էութիւնը համայն շրջապատի մը սեփականութիւնը դարձնելու հրամայական պահանջով:
Այսօր աւելի քան երբեք, եւ հակառակ աննպաստ պայմաններու (ներքին ու արտաքին), դաշնակցական երիտասարդութիւնը հրաւիրուած է իր ազգային ու գաղափարական աշխարհահայեացքին յանձանձումին առընթեր, անյապաղ լծուիլ Լիզպոնի հինգին եւ ընդհանրապէս գործողութեան մասին պատրաստելու փաստավաւերագրական տեսերիզներ, ամբողջական հրատարակութիւններ (տարբեր լեզուներու թարգմանուած), յուշագրութիւններու պատառիկներ, կեցուածքներու տեսականի ու մանաւանդ` հայ ժողովուրդի կողմէ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու յարգանքին դրսեւորումները յաւերժացնող ձեռնարկներու առաւել բազմացումին եւ տարածումին:
Յայտնապէս, լիզպոնեան շունչով ու կամքով դաստիարակուած սերունդներ գիտե՛ն, գիտակից են ու պարտաւո՛ր են իրենց համոզումները առանց վարանումի յայտնել, համարձակօրէն իրենց շրջապատին փոխանցել, աննման Տղոց հոգեկերտուածքին իւրայատկութիւնը, ուժական ներկայութիւնը բարձրագոռ շեշտել, որպէսզի ամէն քայլափոխի ղօղանջէ անոնց սրբազան հոգիներուն պատարագը` իւրաքանչիւր հայու հոգիին խորանէն:
Լիզպոնի հինգին քաղաքական հասունութեան թէ յեղափոխական տրամադրութիւններուն մասին պատկառելի գրականութիւն է մշակուած:
Օրին, անոնց համարձակ ու յանդուգն երեւումը նաեւ տեսերիզի վրայ, ոչ միայն նպաստեց փարատելու սովորական ու տկլոր ակնարկները, այլեւ` ցոյց տուաւ միանշանակ անոնց ազգային մտածողութեան անառարկելի բարձրութիւնը, անոնց մարդկային բարեմասնութիւններու խոր ըմբռնումը, տարրերային խիզախութիւնն ու գերազանցապէս Արարատասէրի անոնց հաւատարմութիւնը:
Հիմնականը այս բոլորի մէջ այն է, թէ հայրենի իշխանութիւններ թէ ընդհանրապէս հայ պետական մտածողութիւնը պարտաւոր է տէր կանգնիլ ազգային իւրաքանչիւր արժէքի, որպէսզի կարենայ ատով զրահաւորուիլ ու դիմակայել արտաքին փոթորիկներու ազդեցութիւնը, կասեցնել թշնամիին ոտնձգութիւնները, պարտութեան մատնել թշնամի հորդաններու ախորժակները եւ պաշտպանել հայրենիքը:
Արդ, մտածա՞ծ ենք բնաւ, թէ յառաջիկայ տասնամեակներուն եւ դարերուն ինչպիսի գնահատանք պիտի տան նորահաս սերունդներ նման հերոսական սխրանքներու, երբ այսօր, նոյնինքն հայոց պետականութիւնը չէ կրցած ըստ պատշաճի իր խօսքը ըսել եւ պաշտամունքի խորանին ընծայել աննման Տղոց զոհողութիւնը` Լիզպոնի հինգ սուրբերուն արարքը:
Մինչ այդ, հայ երիտասարդական փաղանգներ պիտի շարունակեն տիրութիւն ընել լիզպոնեան գաղափարական, մարտական թէ ազգային սնուցած աւանդին, ու անով վերակենսաւորելու ազգային պահանջատիրական երթի մեն մի հանգրուան:
Ազգեր կը գոյատեւեն մայրենի հողին վրայ, իսկ հայրենիքներ կ՛ապրին բացառաբար հայրենապաշտ սերունդներու անմնացորդ նուիրումով:
Լիզպոնի տղաքը այդ գերազանց զոհողութեան վկաներն են: