Անդրադարձ. Ազգային-Ազատագրական Պայքարը` Լիզպոնի Գործողութեան Հետքերով

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ժամանակակից հայոց պատմութեան հերոսական դէպքերը առիթ են վերարժեւորելու ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարները` նոր ժամանակներու լոյսին տակ, մասնաւորաբար երբ Հայ դատի հասկացողութիւնը` ընդհանուր առումով եւ յատկապէս հողային պահանջի հարցով, տակաւին կը մնայ անլոյծ: Հոս, Հայ դատի եւ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարները մեծապէս կը զուգորդուին իրարու հետ, կը դառնան երկուորեակներ: Այո՛, տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին հարցերուն նկատմամբ մօտեցումները կը փոխուին, օրինակ` ժամանակաշրջանի մը ընթացքին «յեղափոխական բրտութեան» գաղափարը տիրական կ՛ըլլայ, իսկ ուրիշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին դատը հետապնդելու համար նախապատուութիւնը կը տրուի զուտ քաղաքական, ոչ բիրտ միջոցներուն, սակայն դատը իր էութենէն ոչ մէկ բան կը փոխէ:

Հայ դատի էութիւնը վեր ի վարոյ այն է, որ կայ գոյութենական հարց մը, եւ որեւէ միջոց այս դատը հետապնդելու, պէտք է պատասխաններ տայ այս գոյութենական հարցին, որ կը ներկայանայ վերջին աւելի քան 100 տարուան հայ-թրքական բաւական բարդ յարաբերութիւններուն ընդմէջէն: Երբ կ՛ըսենք ազգային-ազատագրական պայքար» (իր բիրտ եւ ոչ բիրտ դրսեւորումներով), սահմանումը ըրած կ՛ըլլանք այդ գոյութենական հարցի հանգուցալուծման, որ չի սահմանափակուիր միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով ու դատապարտումով (միջազգային մակարդակի վրայ թէ Թուրքիոյ կողմէ), նիւթական թէ բարոյական հատուցման ձեւերու փնտռտուքով` իրաւական մակարդակի վրայ, այլ կ՛անդրանցնի այս մանրամասնութիւնները եւ կ՛երթայ խնդիրի խորքին, այն, որ այդ ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայութիւնը կորսնցուց իր ազգային իւրայատկութիւնները երաշխաւորող բնօրրանէն հսկայական բաժիններ, եւ այն, որ հայութիւնը, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն նման, իրաւունքը ունի իր ազատ եւ լիիրաւ կեանքը վարելու իր հայրենիքին մէջ, որ չի սահմանափակուիր միայն պետական կառոյցով օժտուած այժմեան աշխարհագրական տարածութեամբ, այլեւ աւելի ընդարձակ հասկացողութիւն մըն է` իբրեւ իրաւական հիմք ընդունելով Սեւրի դաշնագիրի փաստաթուղթը:

Հայ ազգային-ազատագրական պայքարի տարեգրութեան ցայտուն դրսեւորումներէն մէկը հանդիսացող Լիզպոնի զոհաբերութեան հերոսները իրենց արտայայտած քանի մը միտքերուն ընդմէջէն լաւապէս կը գիտակցէին վերը նշուած գոյութենական հարցին, ցեղասպանութեան պատճառով սփիւռքեան կեանքի անհեռանկարայնութեան եւ հայութեան անժամանցելի իրաւունքներուն վերատիրանալու համար ազգային-ազատագրական պայքարի անհրաժեշտութեան: Իրենց ընտրած միջոցը ծայրայեղ էր` իրենց իսկ բառերով «զոհաբերում` ազատութեան բագինին», բայց մինչեւ հիմա այդ արարքը փարոսի նման ցոյց կու տայ պայքարի բուն ճամբան, թիրախը:

Լիզպոնի սխրագործութեան մասնակիցներուն համար կողմնացոյցը յստակ էր, անշեղելի: Ազգային-ազատագրական պայքարի համար իբրեւ հիմնական թիրախ ցոյց կը տրուէր հայութեան իրաւունքները ոտնահարող Թուրքիան: Եւ եթէ այսօր ալ պիտի խօսուի հայութեան իրաւունքներու ձեռք բերման մասին, այսօր եւս թիրախը միեւնոյնն է` թրքական պետութիւնը, անոր ծաւալապաշտական մօտեցումը, ոչ բարեկամական կեցուածքը հայութեան նկատմամբ:

Ուրեմն, եթէ պիտի քալենք Լիզպոնի հինգին գծած ուղիով, թէկուզ եւ տարբեր միջոցներով, ապա, կը կրկնենք, յստակ է կողմնացոյցը, անիկա ցոյց կու տայ Թուրքիան, ի հակադրութիւն ներկայիս Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող կարգ մը քաղաքական հոսանքներու, որոնք կ՛աղաւաղեն ազատագրական պայքարի իմաստը եւ «ազատագրում» ըսելով կողմնացոյցը կ՛ուղղեն Ռուսիոյ, իշխանութիւններուն, թէ այլ ուղղութիւններով: 1983-ին ներկայ Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, բայց Լիզպոնի հինգի խօսքերուն, արտայայտութիւններուն մէջ ոչ մէկ խօսք կը գտնենք իրենց պայքարի կողմնացոյցը շեղող:

Լիզպոնի գործողութեան մէջ պայքարի գերնպատակը մէկն է` երաշխաւորել հայութեան բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը իր հայրենիքին` միացեալ Հայաստանի մէջ, վերջ տալ հայ ազգի իրաւազրկումին` Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, հայութիւնը համախմբել իր հայրենիքին մէջ, ջնջել ստրկամտութեան եւ օտարամոլութեան երեւոյթները, որոնք տարածուած են հայ մարդոց մօտ, ստեղծել նոր տեսակի հայը, որ գիտակից է իր ազգային արժէքներուն, ազգային նպատակներուն:

Այս գերնպատակը այսօր եւս կ՛ապացուցէ իր այժմէականութիւնը, այսօր ալ կան նոյն մարտահրաւէրները, թերեւս ալ աւելի բազմացած են, այսօր ալ Թուրքիան հայութեան կը ներկայանայ իր դաւադիր էութեամբ, այսօր ալ ազգային-ազատագրական պայքարի  կարգախօսներուն վերարծարծումը նոյնքան անհրաժեշտութիւն է հայութեան համար:

Այսօր Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակը մէկ պատգամ ունի փոխանցելիք հայութեան` շարունակել կիսատ ձգուած ազգային-ազատագրական պայքարի ընթացքը, շարունակել Լիզպոնի հինգին անկատար ձգուած ազգային իտէալներուն իրագործումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES