ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութիւնները

Երեւանի մէջ 27 յուլիսէն 3 օգոստոսին տեղի ունենալիք Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն առիթով Հայաստան գտնուող ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները 25 յուլիսին այցելեցին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին:

Ողջունելով հիւրերը եւ կարեւոր նկատելով ՀՄԸՄ-ին դերակատարութիւնը հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ` վարչապետը նշեց, որ միշտ հաճելի է հանդիպիլ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան երիտասարդներուն հետ: «Համոզուած ենք, որ հայրենասիրական դաստիարակութեան ոգին պահպանելու եւ յառաջ մղելու գործը լաւագոյնս կը տանիք դուք: Կը հաւաստիացնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի լաւագոյնս կարենաք այդ առաքելութիւնը իրականացնել», յայտնեց վարչապետը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը վարչապետ Սարգսեանին ներկայացուց հանդիպման մասնակիցները եւ ընդգծեց, որ իրենց նպատակներէն է սփիւռքահայ երիտասարդները մղել հայրենիք այցելելու: Ան տեղեկացուց, որ 28 յուլիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի 9-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, աւելցնելով, որ անոնք պիտի տեւեն մէկ շաբաթ: Գ. Մկրտիչեան նաեւ յայտնեց, որ այս մարզախաղերուն կը մասնակցին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն 651 մարզիկներ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Տիգրան Սարգսեանին` մարզախաղերու կազմակերպման օժանդակելու իմաստով ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար. իրողութիւն մը, որուն իրենք տարբեր առիթներով հանդիպած են: Անոնք նաեւ խնդրեցին վարչապետին աջակցութիւնը` բանակավայրերու համար Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ տրամադրուած տարածքներու բարեկարգման եւ ընդլայնման հարցին գծով: Անոնք նաեւ բարձր գնահատեցին վարչապետին յանձնարարութեամբ ստեղծուած միջնախարարական յանձնաժողովին կողմէ այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները:

Ընդգծելով ազգապահպանութեան առաքելութեան մէջ սփիւռքի մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններուն նշանակալի դերը` կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ամուր ըլլալը, որովհետեւ անոնք իրենց ուսերուն կը կրեն մեծ առաքելութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ իրենց փափաքն ու հետաքրքրութիւնն է, որ հայկական աւանդական կուսակցութիւնները միշտ զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ անոնց տարած հայապահպան առաքելութիւնը այլընտրանք չունի: Աւարտին, Գ. Մկրտիչեան մարզախաղերու յատուկ յուշանուէրը յանձնեց վարչապետին:

Սփիւռքի նախարարին հետ հանդիպումին ընթացքին Հ. Յակոբեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն հետ քննարկեց Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն կազմակերպման առնչուող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ ամէն ինչ ընել` մեր մարզիկներն ու հիւրերը պատշաճ կերպով ընդունելու եւ մրցակցային հաւասար պայմաններ ապահովելու նպատակով: Հ. Յակոբեան այս ուղղութեամբ աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու համար յառաջացուցած է յատուկ յանձնաժողով, որպէսզի Հայաստան ժամանող 651 մարզիկներն ու անոնց ընկերակցող հիւրերը հեզասահ կերպով վայելեն մարզախաղերու բոլոր մանրամասնութիւնները: Հ. Յակոբեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ սուրիահայութեան առնչուող մանրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան զանազան ծրագիրներու: Ան շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծուած է սփիւռքահայութեան համար ու իր բերկրանքը փոխանցեց, որ ՀՄԸՄ հաւատարիմ իր առաքելութեան` կրկին` հայրենիքի մէջ կը համախմբէ իր անդամները:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը շնորհակալական խօսք ըսաւ Հ. Յակոբեանին` անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ան նշեց, որ Հայաստան¬սփիւռք անքակտելի կապը միշտ ՀՄԸՄ-ի առաջնահերթութիւններէն եղած է: Գ. Մկրտիչեան շեշտեց, որ բոլոր մասնակիցները հայրենիքի սիրով աւելի ուռճացած պիտի վերադառնան իրենց երկիրները: Ապա ան նախարարին նուիրեց ՀՄԸՄ-ի կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը եւ յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններն ու համահայկական հաւաքները ըլլան արդիւնաւէտ եւ գործակցութիւնը ըլլայ շարունակական:

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ Մարզախաղերու
Մամլոյ Ասուլիս

Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու նախօրեակին` ուրբաթ, 26 յուլիս 2013-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեանի, Կեդրոնական մարզական յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանի, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեանի եւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչ Ռուստամեանի: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան նաեւ Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան ու ներկայ իրավիճակին մասին: Ապա խօսք առաւ Մանուէլ Մարսելեան, որ ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց մարզախաղերուն մասին: Ան յայտնեց, որ 36 խումբեր կը մասնակցին ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի մարզաձեւերով, իսկ անհատական մարզաձեւերը կ՛ընդգրկեն աթլեթի, լողի, փինկ փոնկի, թենիսի եւ ճատրակի մարզաձեւերը:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան նշեց, որ երկրորդ Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերն են, որ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ: Ան յայտնեց, որ մարզախաղերու կայացումը համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ մեծ նշանակութիւն ունի բոլորին համար: Շմաւոնեան նկատել տուաւ, որ 2009-ին մարզախաղերը տեղի ունեցած են բարձր մակարդակով եւ աւարտած են իւրայատուկ յիշատակներով: Ան յոյս յայտնեց, որ այս մարզախաղերը նոյնպէս ունենան նոյն մակարդակը` նշելով, որ անհատական մարզաձեւերուն վրայ աւելցած են երեք մարզաձեւեր` թենիս, փինկ փոնկ եւ աթլեթ: Շմաւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին եւ անոր նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին, որ ստանձնած է մարզախաղերու նախագահութիւնը: Ան նշեց, որ մարզախաղերուն ներկայ գտնուելու համար Հայաստան ժամանած են նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 7 անդամներ, 651 մարզիկներուն եւ անոնց ընկերակցող աւելի քան 2500 ծնողներուն եւ բարեկամներուն կողքին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պետութեան, որ պետական մարմին յառաջացուցած է օժանդակելու մարզախաղերու յաջողութեան:

Խօսք առաւ նաեւ Հրաչ Ռուստամեան, որ կարեւոր նկատեց մարզախաղերուն Երեւանի մէջ կազմակերպուիլը` նշելով, որ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէն միշտ թիկունք կը կանգնի եւ լայնածաւալ օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ համահայկական առումով նմանօրինակ բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ան նշեց, որ բոլոր ֆետերասիոնները դրական գործակցութիւն ցուցաբերած են սոյն մարզախաղերու յաջողութեան համար եւ կարեւոր նկատեց մարզիկներուն ներկայութիւնը հայրենի հողին վրայ` նշելով, որ անոնք կրնան ծիլերը հանդիսանալ ապագայի ազգային խումբերու կազմութեան:

Հրաչ Մեսրոպեան նշեց, որ մարզախաղերուն կը մասնակցի նաեւ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը, որուն մասնակցութեան կարելիութիւնը ընծայուած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Ապա Հրաչ Շմաւոնեան ներկայացուց բացման հանդիսութեան ծրագիրի մանրամասնութիւնները` նշելով, որ մեկնարկը պիտի ըլլայ ժամը 6:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով)` Էրեբունի թանգարանէն, որ կը խորհրդանշէ Երեւանի սկիզբը: Էրեբունի թանգարանէն պիտի վառուի ջահը, որ 34 մարզիկ-մարզիկուհիներու վազքով պիտի հասնի մինչեւ Ազատութեան հրապարակ: Իսկ ժամը 8:00-ին, մնացեալ մարզիկները հանդիսաւոր տողանցքով պիտի ուղղուին Հիւսիսային պողոտայէն դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր պետական ու պաշտօնական հիւրերու ներկայութեան պիտի կատարուի մարզախաղերու հանդիսաւոր բացումը: Ապա տեղի պիտի ունենայ համերգ եւ հրավառութիւն: Բացման հանդիսութիւնը ուղիղ կերպով պիտի հեռարձակուի «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES