Հալէպ – Երեւան Փոխադրակառքի Ուղեւոր 4 Տղամարդիկ Առեւանգուած Են

Սուրիոյ մէջ երէկ 4 հայ տղամարդիկ առեւանգուած են: Անոնք եղած են Հալէպէն Երեւան ուղեւորուած փոխադրակառքին մէջ: Դէպքը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ սահմանին մօտ:

Հալէպէն «Երկիր Մետիա»-ի թղթակից Մարիա Գաբրիէլեան տեղեկացուցած է, որ առեւանգեալներն են Գարեգին Հացագործեան, Կարօ Պապօղլեան, Նարեկ Վարժապետեան եւ Սագօ Ասատուրեան:

Հալէպէն Երեւան մեկնող փոքր չափի փոխադրակառքը կանգնեցուած է թրքական սահմանին մօտ` զինեալ խմբակի մը կողմէ: Չորս հայ տղամարդիկ եւ վարորդը առեւանգուած են, իսկ երեք հայ կիներ տարուած են Քիլիս: Կիները կը գտնուին Քիլիսի պանդոկներէն մէկուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )