ՄԱԿ. «Աշխարհը Կը Գտնուի Տեղեկատուական Պատերազմի Իրավիճակի Մէջ»
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ելեկտրակապի միջազգային միութեան ընդհանուր քարտուղար Համատու Թուրէ յայտարարած է, որ աշխարհը կը գտնուի տեղեկատուական պատերազմի իրավիճակի մէջ, եւ բազմաթիւ կառավարութիւններու համար համացանցային լրտեսութեան դիմելը, ինչի մասին վերջին ժամանակաշրջանին աշխուժ կերպով կը քննարկուի, սովորական երեւոյթ է:
«Դժբախտաբար, աշխարհի մէջ տեղեկատուական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ: Ես պիտի փափաքէի, որ ատիկա չըլլար, սակայն ատիկա գոյութիւն ունի: Ես նախորդ շաբաթ զրուցած եմ դեսպանի մը հետ, եւ ան ինծի ըսաւ. «Ես չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ եւրոպացիները այդքան զարմացած են, մենք բոլորս ատիկա կ՛ընենք», ըսած է Թուրէ:
Միեւնոյն ժամանակ, ՄԱԿ-ի պատկանող կառոյցի ընդհանուր քարտուղարը չի կասկածիր, որ իր ելեկտրոնային նամակատուփը եւս բաց է գաղտնի սպասարկութիւններուն համար: «Յիմարութիւն պիտի ըլլար մտածել, որ իմ ելեկտրոնային նամակագրութիւնս չի հսկուիր», ըսած է Թուրէ, ըստ որուն, աշխարհը արմատապէս փոխուած է, եւ համացանցային նոր վտանգներու դէմ երկիրները կրնան պայքարիլ միայն համախմբուելով: