Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ Դուրս Գալուն Համար Լաւագոյն Ծրագիրի Հեղինակը Հարիւր Հազար Եւրօ Մրցանակի Պիտի Արժանանայ
Lenta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ բրիտանական Տնտեսական հարցերու հիմնարկը Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալուն վերաբերեալ լաւագոյն ծրագիրին վերաբերեալ մրցանք յայտարարած է: Հիմնարկի պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ յաղթողը պիտի ստանայ 100 հազար եւրօ:
Բացի ատկէ, կը նախատեսուի, որ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները նոյնպէս յաջորդաբար պիտի արժանանան 10 հազար եւ 5 հազար եւրօ: Տնտեսական հարցերու հիմնարկին մէջ նաեւ նշած են, որ հինգ հազար եւրօ պիտի ստանայ այն ծրագիրը, որուն հեղինակը նուազ քան 30 տարեկան է:
Մրցանքին մասնակցիլ ուզողները պէտք է իրենց դիմումները ներկայացնեն մինչեւ այս տարուան 16 սեպտեմբերը: Հիմնարկը դիմումներէն պիտի ընտրէ լաւագոյն 20-ը, իսկ վերջնական արդիւնքները պիտի յայտարարուին մարտ 2014-ին:
Այս մրցանքի դատական կազմին մաս կը կազմէ Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախկին նախարար Նայճըլ Լոուսըն: