Ըստ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարին. Եւրոպական Միութիւնը Եւրոյի Գօտիի Ճգնաժամին Դէմ Պայքարի Համար Համապատասխան Միջոցներ Եւ Գործիքներ Չունի
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Իոաննիս Քասուլիտիս յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այսօր մասնատուած է այնպիսի ձեւով մը, որ իր գոյութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին չէ եղած:
Կիպրական տեղեկատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նախարարը ըսած է, թէ «այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Եւրոպական Միութիւնը կորսնցուցած է իր ուղենիշները, եւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն եւ համակարգերուն միջեւ կապը հարցականի տակ մնացած է»:
Ըստ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին, Եւրոպական Միութիւնը ստեղծուած է տնտեսական միութեան նպատակներով, սակայն ներկայիս դէպքերը կը փաստեն, որ այժմ կը բացակային եւրոյի հատուածին մէջ ճգնաժամի դէմ պայքարելու միջոցներն ու գործիքները:
Քասուլիտիսի կարծիքով, այդպիսի իրավիճակը կապուած է անոր հետ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէր դրամանշային միութիւն ստեղծել, երբ տնտեսական միութիւնը ամբողջովին չէր ձեւաւորուած:
Կիպրացի նախարարը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է արտաքին քաղաքականութեան մէջ` ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան խթանման գործին մէջ, սակայն այստեղ ալ որոշակի դժուարութիւններ եղած են: