Եւրոպան Յունաստանէն Կը Պահանջէ Կրճատել Հոգեւորականներու Աշխատավարձը
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական եռեակի ներկայացուցիչները Յունաստանէն պահանջած են կրճատել հոգեւորականներու աշխատավարձը: Անոնց աշխատավարձը մեծ չէ, սակայն կը վճարուի պետական գանձարանէն: Վարկատուները որոշած են, որ հոգեւորականները վատ կերպով կ՛ազդեն երկրին տնտեսութեան վրայ, եւ տնտեսական վատ վիճակին պատճառով առաջարկած են անոնց աշխատավարձն ու թոշակը չվճարել:
Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչները այդպիսի նախաձեռնութիւն մը կատարած էին 2011-ին, սակայն այդ առաջարկը նոյնիսկ չէին քննարկած յոյն երեսփոխաններուն հետ` յոյներու դժգոհութիւնը չյառաջացնելու համար:
Նախապէս վարկատուները հանդէս եկած էին շարք մը առաջարկներով, որոնք դարձած էին բազմահազարնոց ցոյցերու պատճառ: Այժմ Եւրոպական եռեակը կը գտնէ, որ տասը հազար հոգեւորականներու աշխատավարձը 50 առ հարիւրով կրճատելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ տարեկան մինչեւ 200 միլիոն եւրօ խնայել, ինչ որ պիտի օգնէ երկրին դուրս գալու ճգնաժամէն:
Յունական եկեղեցին տակաւին որեւէ մեկնաբանութիւն չէ կատարած, իսկ հաւատացեալները արդէն կը պատրաստուին բողոքի ցոյցերու: Նշենք, որ Յունաստանի քաղաքացիներուն 90 առ հարիւրը ուղղափառ քրիստոնեաներն են:

