Ամերիկացի Ծերակուտականները Կ՛առաջարկեն Պատժամիջոցներ Հաստատել Ռուսիոյ Եւ Սնոուտընին Բոլոր Օգնողներուն Դէմ

Էտուըրտ Սնոուտըն

«Կազեթա»` յղում կատարելով «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ ամերիկացի ծերակուտականները կ՛առաջարկեն պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ եւ որեւէ այլ երկրի դէմ, որ քաղաքական ապաստան կը տրամադրէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի:

Պատժամիջոցներու սահմանման նախաձեռնողն է ծերակուտական Լինտսի Կրեմ, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի այս հարցին մէջ պէտք է իր քայլերը համակարգէ օրէնսդիրներուն հետ:

«Չեմ գիտեր, թէ Սնոուտըն հիմա ո՛ւր կը պատրաստուի մեկնիլ կամ արդեօք ընդմի՞շտ պիտի մնայ Ռուսիոյ մէջ, սակայն գիտեմ մէկ բան. ճիշդ քայլը զինք վերստին հայրենիք ուղարկելն է, որպէսզի անոր առաջադրուին մեղադրանքներ այն յանցագործութիւններուն գործերով, զորս Սնոուտըն, ըստ ամենայնի, կատարած է», ըսած է Կրեմ:

Այժմ Սնոուտըն կը գտնուի Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանին մէջ: Մինչ այդ, անոր քաղաքական ապաստան առաջարկած են երեք երկիրներ` Վենեզուելա, Պոլիվիա եւ Նիքարակուա:

«Ուաշինկթըն Խոր Հիասթափութիւն Պիտի Ապրի,
Եթէ Սնոուտըն Լքէ Մոսկուայի Օդակայանը»

«Կազեթա.ռու» կայքէջը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընին Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանը լքել արտօնող որեւէ քայլ հիասթափութեան պատճառ պիտի դառնայ:

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Սնոուտընի հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնած է, որ «արտաքին գործոց նախարար Քերրի` առաւօտեան խօսած է արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հետ: Ան կրկնած է Միացեալ Նահանգներու այն կարծիքը, թէ պարոն Սնոուտընը պէտք է վերադարձուի Միացեալ Նահանգներ, ուր անոր դէմ արդար դատական հոլովոյթ պիտի ընթանայ: Ռուսիա առաջուան պէս կրնայ ճիշդ գործել»:

«Վրեմիա» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ ուղարկած են փաստաթուղթեր` խնդրելով Սնոուտընը յանձնել` ընդգծելով, որ ամերիկացիի ապաստան տրամադրելը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ «լաւ ազդեցութիւն պիտի չունենայ»:

«Ամերիկեան կողմը յստակ կերպով հասկցուց, որ այդ մարդուն ապաստան տրամադրելը երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ լաւ անդրադարձ պիտի չունենայ», ըսած է աղբիւրը:

Ան նշած է, որ հակառակ անոր որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արտայանձնման մասին համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, նամակը պաշտօնական բնոյթ կրած է:

Ամերիկացի քաղաքագէտ Ճոնըսըն Սանտըրս ըսած է, որ Ուաշինկթըն Ռուսիոյ վրայ ազդեցութեան լուրջ լծակներ ունի եւ շուտով զանոնք պիտի օգտագործէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )