Եգիպտոսի Մէջ Բանակը Լիազօրելու Եւ Մուրսիին Զօրակցելու Հակադիր Ցոյցեր
Երէկ Եգիպտոսի մէջ հարիւր հազարաւորներ Մուրսիի զօրակցող եւ եգիպտական բանակին` բռնարարքներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու լիազօրութիւն շնորհելու իրարու հակադիր օրակարգերով հաւաքուեցան տարբեր հրապարակներու վրայ: Բանակը 300 հազար զինուորներ տրամադրեց ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը պաշտպանելու համար, սակայն ատիկա արգելք չեղաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ բախումներ տեղի ունենան: Աղեքսանդրիոյ մէջ բախումները երկու զոհ եւ 54 վիրաւոր պատճառեցին:
Մինչ այդ, Սինայի թերակղզիի ցեղապետները Եգիպտոսի անվտանգութեան ապահովման համար իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին եգիպտական բանակին: Օմար Մաքրամ մզկիթի իմամը յայտնեց, որ Եգիպտոսի ժողովուրդը կը պահանջէ, որ Գահիրէի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յեղափոխութեան նկատմամբ իր թշնամութեան համար երկրէն վտարուի: Իմամը նաեւ կոչ ուղղեց Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանը տուն կանչելու եւ թրքական կառավարութեան հետ յարաբերութիւնները քննարկելու:
Եգիպտոսի պաշտօնազրկեալ նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ Համասի հետ կապ հաստատելու եւ բանտեր ներխուժելու ամբաստանութեամբ 15 օրուան արգելափակման դատապարտուեցաւ: «Սքայ Նիուզ» նշեց, որ Մուրսի նաեւ Սինայի թերակղզիին մէջ զինուորներու առեւանգումին, ոստիկանատուներու բանտարկեալներու փախուստը դիւրացնելու արարքներու մեղսակցութեամբ ամբաստանուած է:
Իսլամ եղբայրները յայտնեցին, որ Մուրսիի շուրջ հետաքննութիւնը նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի ժամանակաշրջանի վերադարձ է: Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին նշեց, որ իրեն հետ կապ հաստատելուն համար Մուրսին բանտարկելը եգիպտական բանակի պատմութեան մէջ «սեւ կէտ» մըն է:
ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց Մուրսին եւ Իսլամ եղբայրներուն ղեկավարները ազատ արձակելու կամ անոնց դատական հարցերը թափանցիկութեամբ հետապնդելու: Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին եգիպտական իշխանութիւններէն պահանջեց Մուրսին անմիջապէս ազատ արձակել: