ՔԱԿ. «Եթէ Կառավարութիւնը Քայլերու Չդիմէ, Զինադադարը Պիտի Խզուի 15 Հոկտեմբերին»
ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ ՔԱԿ-ի միջեւ զինադադարը պիտի խզուի, եթէ կառավարութիւնը քրտական հարցի լուծման հոլովոյթին ընթացքին փոխադարձաբար համաձայնեցուած քայլերը մինչեւ 15 հոկտեմբեր չառնէ:
Քրտական համայնքներու միութեան ղեկավարներէն Սապրի Օք գերմանական «Տէօչը Վելէ» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ՔԱԿ աւելի երկար պիտի չսպասէ, որպէսզի կառավարութիւնը երեք տասնամեակներէ ի վեր երկրին մէջ յամեցող տագնապը լուծելու քայլերու դիմէ:
«Մեր համբերութիւնը սահման ունի, եւ մենք քիչ ժամանակ ունինք: Բայց եւ այնպէս, հոլովոյթը մեր կողմէ պիտի չկանգնեցուի, որովհետեւ մենք արդէն համաձայնեցուած քայլերը կատարած ենք: Մեր ղեկավարը վերջերս ըսաւ, որ եթէ մինչեւ 15 հոկտեմբեր քայլեր չորդեգրուին, զինադադարը պիտի խզուի», ըսաւ Օք:
CATEGORIES Միջազգային

