Կոչ Ուղղելով Շաբաթական Հերթականութեամբ Բողոքելու. Շէյխ Ասիրի Համակիրները Խաղաղ Ցոյց Մը Կազմակերպեցին

Ուրբաթ օրուան նամազի աւարտին, Սայտայի Ապրա շրջանի Պիլալ Պըն Ռապահ մզկիթի մուտքին շէյխ Ահմետ Ասիրի շուրջ երկու հարիւր համակիրներ երէկ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին` պահանջելով Ապրայի դէպքերուն գծով արգելափակեալներու ազատ արձակումը: Անոնք կոչ ուղղեցին ամէն ուրբաթ նամազի աւարտին շաբաթական հերթականութեամբ կրկնելու բողոքի այդ խաղաղ ցոյցերը, մինչեւ որ իրագործուին իրենց պահանջները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )