«Կոկորդիլոսի Գտնուած Շրջանը Ճշդեցինք Եւ Կ՛աշխատինք Քաղաքացիներու Կեանքի Ապահովութեան Ու Անվտանգութեան Համար» Յայտարարեց Ճորճ Գրիգորեան

«Կոկորդիլոսի գտնուած շրջանը ճշդեցինք ու փոխանցեցինք պատկան կողմերուն, որ դիմեն անհրաժեշտ միջոցառումներուն», յայտարարեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան երէկ` նշելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանները մնայուն շրջագայութեան մէջ են` հսկելով քաղաքացիներու ապահովութեան ու անվտանգութեան:

«Տեղեակ պահեցինք նաեւ կենսոլորտի, երկրագործութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները, որպէսզի իրենց կարգին դիմեն անհրաժեշտ քայլերուն», աւելցուց Գրիգորեան` նշելով, որ կոկորդիլոսը «բռնել»-ը կը կարօտի որոշ փորձառութեան եւ այս գծով հմտութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )