«Կը Ջանանք Օրինական Ձեւով Երկարաձգել Զօր. Քահուաժիի Պաշտօնավարութիւնը» Յայտարարեց Սլէյման Ֆրենժիէ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ յայտնեց, որ կը փորձէ օրինական ձեւերով երկարաձգել բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը:
Նախկին նախարար Ֆերիտ Հայքալ Խազենի տուած իր այցելութեան առիթով կատարած իր այս յայտարարութեամբ Ֆրենժիէ կու գար հակասելու զօր. Աունի կեցուածքին, որ բուռն կերպով դէմ է նման քայլի:
CATEGORIES Լիբանանեան