Իր Տեսակին Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Շարպել Եւ Սահնաուի Քննարկեցին Տեղեկութեանց Տուեալներու Փոխանցման Կարելիութիւնները

Սահնաուի եւ Շարպել

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի երէկ միասնաբար քննարկեցին առաւելաբար ոճրագործներու հետքերը պրպտելու եւ հետապնդելու միտող տեղեկատուութեանց տուեալներու փոխանցման կարելիութիւնները:

Իր տեսակին մէջ առաջին անգամ գումարուող այս հանդիպումին եւ անոր յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ատեն իր կատարած յայտարարութեամբ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել մաղթեց, որ նման հանդիպումներ ու գործակցութիւններ կրկնուին գէթ ամսական հերթականութեամբ եւ կամ ի պահանջեալ հարկին:

Share this Article
CATEGORIES