Արտակարգ Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով` «Բանակի Հրամանատարի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Ապօրինի Է Եւ Կը Նուաստացնէ Բանակի Բարոյական Վարկը» Յայտարարեց Զօր. Միշել Աուն

Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ արտակարգ մամլոյ ասուլիս մը տալով կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն դաշնակցելու եւ միասնաբար փրկելու հայրենիքը անոր սպառնացող վտանգաւոր որոշումներուն դէմ:

Աուն բուռն կերպով քննադատեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հաւանականութիւնը` զայն նկատելով հակաօրինական եւ հակասահմանադրական: Ան նոյնպէս ոչ օրինական նկատեց բանակի գաղտնի սպասարկութեանց պետի կացութիւնը:

«Արտակարգ կոչ կ՛ուղղեմ հակազդելու», շեշտեց Աուն` նշելով, որ ինք պիտի որդեգրէ անհրաժեշտ քայլերը: Ան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերը մեղադրեց զէնքի մաքսանենգութեան յանցանքով: Ապա ան մանրամասն բացատրեց զօր. Քահուաժիի գծով երկարաձգման որոշումի հակաօրինական ըլլալուն հիմնաւորումները:

ՆՇԵՆՔ, որ ըստ «Ախպար» օրաթերթին, նշեալ որոշումը 30 յուլիսին պիտի ստորագրուի նախագահ Սլէյմանի կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )