Քաղաքացիական Հասարակութեան Գործիչները Երեւանի Քաղաքապետարանէն Կը Պահանջեն Պաշտօնանկութիւններ Եւ Վնասի Հատուցում Կատարել

Երէկ առաւօտեան Երեւանի քաղաքապետարանին առջեւ բողոքի ցոյցի եկած քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները որոշեցին այնտեղ անժամկէտ նստացոյցի սկսիլ` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանէն պահանջելով անյապաղ պաշտօնանկ ընել քաղաքապետարանի փոխադրամիջոցներու վարչութեան պետ Հենրիկ Նաւասարդեանը եւ «Երեւանթրանս» ընկերութեան տնօրէն Միսաք Համբարձումեանը:

Ոստիկանները պատնէշ կազմեցին շէնքի երկայնքին` երիտասարդ գործիչներուն թոյլ չտալով մուտքին մօտենալ:

Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան պարբերաբար բարձրախօսով դիմեց ցուցարարներուն` սպառնալով օրէնքով սահմանուած միջոցներ կիրառել եւ «պատասխանատուութեան ենթարկել օրինազանցները»:

Մինչդեռ, երիտասարդներուն մէկ մասը նստած մնացած է խոտածածկին վրայ` սպասելով, որ Տարօն Մարգարեան անձամբ դուրս գայ շէնքէն:

Քաղաքապետարանին փոխանցուած նամակին մէջ երիտասարդները նշեցին, որ քանի մը օր շարունակ վնաս հասցուած է հանրային փոխադրամիջոցները գործածող բազմաթիւ քաղաքացիներու: Անոնք պահանջեցին հատուցել վնասը` հինգ օրուան ընթացքին հանրային փոխադրամիջոցները գործածող բոլոր քաղաքացիներուն համար սակագինը սահմանելով 50 դրամ` իբրեւ աւելորդ վճարուած 50 դրամի փոխհատուցում:

Գործիչ Սոնիա Մսրեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ այժմ թիրախի պայքարը պէտք է դարձնել փոխադրամիջոցներու համակարգի ամբողջական բարեփոխումը:

«Ասիկա յաղթանակ է, բայց մենք յաղթած ենք ճակատամարտը, ոչ թէ պատերազմը, եւ պայքարը պիտի շարունակուի, պիտի հասնինք անոր, որ փոխադրամիջոցներու մարզին մէջ տեղի ունենան համակարգային փոփոխութիւններ», յայտնեց Մսրեան:

Նշենք, որ քաղաքապետարանի աշխատակիցները օրուան ընթացքին պարբերաբար կ՛աշխատցնէին խոտածածկի ոռոգման համակարգը, բայց շատրուանի պէս ցայտող ջուրը քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներուն արգելք չդարձաւ շարունակելու իրենց նստացոյցը, եւ անոնք շարունակեցին մնալ այդ տարածքին մէջ:

Անոնք գիշերեցին քաղաքապետարանին առջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )