«Մեր Պահանջը Պէտք Է Լսելի Դառնայ Թուրքիոյ» Կ՛ըսէ Գասպար Կարապետեան

14-15 հոկտեմբեր Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի հայերու երրորդ համագումարը: Երէկ, «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցաւ կազմակերպուելիք համագումարին մասին:

Ըստ անոր, Եւրոպայի հայերու երրորդ համագումարին ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Հայաստանէն, Արցախէն, ինչպէս նաեւ եւրոպական տարբեր երկիրներէ: Համագումարը իր ներկայութեամբ պիտի պատուէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Կարապետեան նշեց, որ համագումարի օրակարգին առաջին խնդիրը պիտի ըլլայ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին պատրաստուիլը: «Մենք պէտք է միասին համագործակցինք եւ հասնինք այնպիսի քայլերու, որպէսզի մեր պահանջները աւելի լսելի դառնան Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան համար», յայտնեց ան:

Ըստ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահին, իրենք կրնան յաճախակի համագումարներ կազմակերպել, սակայն միայն մարդոց հրաւիրելով եւ խօսելով չէ, այլ պէտք է որոշակի աշխատանքներ  կատարուած ըլլան, որպէսզի անոնք քննարկուին:

Գասպար Կարապետեան յայտարարեց, որ Թուրքիան եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկնան, որ հայ ժողովուրդի խնդիրը Ցեղասպանութիւն իրականացուցած Թուրքիայէն միայն ներողութիւն լսելը չէ, այլեւ` հատուցման պահանջը:

Անդրադառնալով Եւրոպայի հայերը մտահոգող խնդիրներուն` ան կարեւոր նկատեց Արցախի ճանաչումը եւ արցախցիներուն անվտանգութեան ապահովումը:

Ըստ Կարապետեանի, այսօրուան հրատապ խնդիրներէն մէկն է նաեւ ջաւախքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մասնաւորաբար` Ջաւախքի մէջ լեզուի խնդիրը: «Մեր պահանջներէն մէկը այն է, որ հայերէնը Ջաւախքի մէջ երկրորդ լեզու դառնայ», ընդգծեց Կարապետեան:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը աւելցուց, որ այն հանգանակութիւնները, որոնք կը յատկացուին Ջաւախքին, պէտք է օգտագործուին միայն շրջանի խնդիրներուն լուծման համար:

Սակայն Կարապետեան նկատել տուաւ, որ հիմնական խնդիրը թերեւս Հայաստանի` Եւրոպային մերձենալն է: Ան նշեց, որ Եւրոպայի հայկական համայնքներուն մէջ աշխուժութիւնը մեծ է, սակայն միեւնոյն ժամանակ ցաւով փաստեց, որ այդ գաղութները կը համալրուին Հայաստանէն արտագաղթածներու հաշուոյն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )