Ռուստամեան Հանդիպում Ունեցաւ Շուէտի Դեսպանին Հետ
Երէկ ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ընդունեց Շուէտի դեսպան Տիանա Ճանսէյը:
Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանը (նստավայրը` Թիֆլիս) Երեւան այցելած էր շարք մը հանդիպումներ ունենալու նպատակով:
Արմէն Ռուստամեան դեսպանին ներկայացուց Դաշնակցութեան տեսակէտները` ներքաղաքական զարգացումներուն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Դեսպանը փոխանցեց, որ Շուէտ եւս շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելով:
Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուեցան պարբերաբար կազմակերպելու այսպիսի հանդիպումներ:
CATEGORIES Հայկական

