Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ պարտաւորուիք այս ամառ առեւտուր կամ գնում կատարելու, ուշադիր եղէք տուեալ ապրանքի գիներուն: Շուտով մի՛ ընդունիք առաջարկուած գինը: Դրամական գործառնութեան միջոցին արթուն եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եռանդուն տրամադրութիւն պիտի ունենաք, ձեր շուրջիններն ալ պիտի խանդավառուին: Մի՛ տկարանաք, պահեցէք ձեր ուժը եւ ստեղծագործ տրամադրութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բնաւ մի՛ յուսալքուիք, ինչ որ կը յուսայիք եւ կ՛ակնկալէիք, պիտի ունենաք ճիշդ որոշուած պահուն: Օրը ունի ոգեւորիչ առիթներ եւ հանդիպումներ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամութեան մէջ եղէք անկեղծ ու պարզ, ոչ շահագրգիռ: Այսպիսով կ՛արժանանաք վստահութեան եւ կը դառնաք սիրելի անձնաւորութիւն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ աւարտած է ձեր արձակուրդը եւ պիտի վերսկսիք աշխատանքի, մի՛ դժկամիք, թեթեւի առէք, պահեցէք ձեր ոգեւորութիւնը: Աշխատանքը առողջութիւն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր անձնական մէկ ծրագրին վերջնական ըլլալը հաստատեցէք: Այսպիսով կը փակէք հարց մը, որ երկար ատենէ ի վեր կը մտահոգէր ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք հաւասարակշռել եւ կայունացնել ձեր տնտեսական վիճակը: Այս հարցը կը մտահոգէր ձեզ, բարեբախտաբար փրկուած էք հիմա:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք վստահելի բարեկամներ, որոնց հետ պիտի սերտանայ ձեր կապը: Միասնաբար պիտի տաք նոր որոշումներ` բոլորիդ համար օգտակար եւ հաճելի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը լեցուն է գործերով, պիտի կարենաք հասնիլ ամէն կողմ` երեւան բերելով վարպետի ձեր յատկանիշը: Դուք գործէն վախցողը չէք արդէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ունենաք զօրութիւնը նոր աշխատանք եւ ստեղծագործ ոգի ցուցադրելու` առանց վնասելու ուրիշներու: Ձեր գործունէութիւնը պիտի գնահատուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տան մէջ մթնոլորտը մեղմ ու սիրալիր պիտի ըլլայ ամէնուն հետ: Կրնաք պատրաստել յայտագիր մը` զուարճանալու, օրը վայելելու հաճոյքով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ նոր գործակցութիւն մը պիտի ունենաք ձեզի մօտիկ անձերու, ազգականի կամ դրացիի հետ, չափաւոր որոշում տուէք: Չափազանցութիւնը կրնայ յոգնեցնել կամ ձախողութիւն բերել: Խոհեմ եղէք եւ իմաստուն:

