50 Տարի Առաջ (29 Յուլիս 1963)
10 Հազարէ Աւելի Մեռեալ Եուկոսլաւիոյ Մէջ.
Սքոփիէ Սլաւական Մակեդոնիոյ Մայրաքաղաքը
Ամբողջովին Քարուքանդ Եղաւ
Սաստիկ Երկրաշարժի Մը Պատճառով
«Սարսափի Ճիչերուն Մէջ, Տուները Փուլ
Կու Գային Խաւաքարտէ Դղեակներու Պէս»
Կ՛ըսէ Ականատես Մը
«Աղէտալի» տարողութեամբ երկրաշարժ մը ուրբաթ արշալոյսին աւերեց Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէն (200,000 բնակիչ), հարաւային Եուկոսլաւիոյ կարեւորագոյն քաղաքը:
Պելկրատ հասած, բայց տակաւին պաշտօնապէս չհաստատուած լուրերու համաձայն, զոհերուն թիւը 10,000-էն աւելի է:
«Մակեդոնիա» պանդոկը, որ զբօսաշրջիկներով լեցուած էր, ամբողջովին աւերուեցաւ: Շոգեկառք մը, որ կայարան հասած էր, գիծէն դուրս ելաւ: Ճամբորդներուն մէջ կան 20 մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
Օգնութեան Գործողութիւնները
Եուկոսլաւ բանակը անմիջապէս ձեռք առաւ օգնութեան գործողութիւնը` ժողովրդային միլիցիայի եւ հրշէջներու օժանդակութեամբ: Օդանաւեր մեկնեցան Սքոփիէ, ուրկէ դեղ կը պահանջուի փութով: Բնակչութիւնը զօրաշարժի ենթարկուած է հարեւան գիւղերու մէջ:
Առաջին ծանր վիրաւորները ուրբաթ իրիկուն հասան եուկոսլաւ մայրաքաղաքը, մասնաւոր օդանաւերով:
Փրիսթիտ, որ Սքոփիէէն 100 քմ հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուի, անբողջովին հիւանդանոցի վերածուեցաւ՛` երկրաշարժի զոհերուն համար: Բոլոր տուները բռնագրաւուեցան:
Առողջապահական մասնաւոր շոգեկառք մը մեկնեցաւ Նիշէն: Պելկրատի մէջ արիւն տուողները փութով կանչուեցան հիւանդանոցները եւ քաղաքային բոլոր օդանաւերը հրահանգ ստացան մեկնելու պատրաստ ըլլալու:
Դաշնակցային գործադիր խորհուրդի նախագահ Փեթար Սթամպոլիչ օդանաւով մեկնեցաւ Սքոփիէ:
Աղէտը խոր տխրութեան մը մէջ մխրճեց ամբողջ երկիրը, ուր երկու օր սուգ հռչակուեցաւ:
Աւերակ Քաղաք Մը Քանի Մը Երկվայրկեանէն
Առաջին ցնցումը զգացուեցաւ առտուան ժամը 6:15-ին (Պէյրութի ժամով): Անոր հետեւեցան երկու աղէտալի ցնցումներ: Ամէնէն զօրաւորը տեւեց 15 երկվայրկեան:
Բնակչութիւնը, որ կը սկսէր արթննալ, խելակորոյս վիճակով ելաւ փողոցները, մինչ տուները փուլ կու գային խաւաքարտէ դղեակներու պէս:
Քաղաքը քանի մը վայրկեանէն աւերակներու ու փոշիի կոյտի մը վերածուեցաւ: Բանակային կեդրոնը եւ Ազգային դրամատան շէնքը կիսով քանդուեցան, ինչպէս նաեւ` հեռաձայնային կեդրոնը: Պելկրատի եւ Սքոփիէի միջեւ հաղորդակցութիւնները կտրուեցան:
Աղէտը խոր մտահոգութիւն պատճառեց Պելկրատի մէջ, որովհետեւ Սքոփիէ, հակառակ վերջին տարիներու արդիականացման, շնորհիւ իր արեւելեան նկարչագեղ բնոյթին, արձակուրդի շրջանին իրեն կը քաշէ բազմաթիւ օտար զբօսաշրջիկներ: Քաղաքը նմանապէս հանգրուան մըն է այն ճամբուն վրայ, որ Թրիէսթէէն մեկնելով` կը միանայ յունական սահմանին, Սելանիկի մօտերը:
Շարժը զգացուեցաւ նաեւ Մոնթենեկրոյի մայրաքաղաք Թիթոկրատի եւ Պոսնիա-Հերցեկովինայի մայրաքաղաք Սարայեւոյի մէջ: Արձանագրիչ մեքենաները ցոյց կու տան, թէ Եուկոսլաւիոյ մէջ ասկէ զօրաւոր ցնցում չէ եղած երբեք:
Մակեդոնիոյ Քումանովօ եւ Փրիշթինա քաղաքներուն մէջ տուներ ճեղքուած են, բայց մինչեւ հիմա զոհեր չեն յիշուիր:
Սքոփիէ փութացած օտար լրագրողներուն առջեւ աղեխարշ տեսարաններ պարզուած են: Ամէն կողմէ փլատակներու տակ բանտարկուածներու ճիչեր կը հասնին: Քաղաքին մէջ ո՛չ ջուր կայ, ո՛չ ելեկտրականութիւն:
Աշխարհի բոլոր կողմերէն օգնութիւն սկսած է հասնիլ:

