Գիտութիւն Եւ Մարդ. Տուրմին Բոյրը Կրնայ Փրկել Գրատուները.
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ ԿԸ ՏԵՂԵԿԱՑՆԵՆ, ԹԷ ՏՈՒՐՄԻՆ ԲՈՅՐԸ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԷ ԳՐԱՏՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԿԸ ՄՂԷ, ՈՐ ԱՆՈՆՔ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԱՐ ԹԱՓԱՌԻՆ ԵՒ ԳՆԵՆ ՈՐՈՇ ՍԵՌԻ ՊԱՏԿԱՆՈՂ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «ՓԱՍԻՖԻՔ ՍԹԵՆՏԸՐՏ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔԸ ԽԹԱՆՈՂ ՀՆԱՐՔԸ:
Այս մէկը լաւ լուր մըն է անկախ գրատուներուն համար, որոնք կը տքնին շահ ապահովել այնպիսի շուկայի մը մէջ, ուր կը տիրապետէ գրատուներու հսկան` «Ամազոն»-ը. Պելճիքայի մէջ ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են պարզ եւ աժան ձեւ մը` յաճախորդները աւելի երկար պահելու համար գրատան մէջ եւ` զարկ տալու գիրքերու վաճառքին:
Անոնք կը տեղեկագրեն, թէ գնորդներ շատ աւելի հաւանական է, որ երկար ժամանակ փնտռտուքներ կատարեն եւ ի վերջոյ գնեն որոշ սեռի մը պատկանող գիրքեր, ինչպէս` վիպերգական վէպեր, երբ գրատունը ողողուած է տուրմի բոյրով:
Հասըլթի համալսարանէն տնտեսագէտ Լիվ Տուքէի գլխաւորութեամբ կատարուած ուսումնասիրութեան արդիւնքը լոյս տեսած է «Ճըռնըլ աֆ Ինվայրընմենթըլ Սայքոլոճի» թերթին մէջ, ուր կը նկարագրուի 10 օրուան վրայ երկարած փորձարկութիւնը` ընդհանուր հետաքրքրութիւններ գոհացնող գրատան մը մէջ:
Ուսումնասիրողները Պելճիքայի մէկ գրատան մէջ առաւօտեան ժամերուն կամ կէսօրէ ետք տուրմի բոյր արձակած են երկու անկիւններէ: Այս բոյրը այնքա՛ն նուրբ էր, որ անմիջապէս զգալի չէր, սակայն բաւական զօրաւոր կարելի էր զգալ զայն, անմիջապէս որ նկատուէր անոր գոյութիւնը:
Ուսումնասիրողները հետեւած են գրատուն մուտք գործող իւրաքանչիւր 5-րդ յաճախորդին շարժումներուն: Ընդհամէնը 201 հոգիի հետեւելէ ետք անոնք եզրակացուցած են, որ երբ տուրմի բոյրը արձակուած է, գնորդները վաճառատան մէջ մնալու, նոր գիրքեր փնտռելու կամ պաշտօնեայի մը հետ զրուցելու յաւելեալ տրամադրութիւն ցուցաբերած են:
Աւելի ճիշդ` «յաճախորդները 2.22 անգամ աւելի հաւանական է, որ բազմաթիւ գիրքեր թերթատեն, երբ գրատան մէջ ներկայ է տուրմի բոյրը», կը գրեն անոնք:
Աւելի՛ն. երբ բոյրը ներկայ է, յաճախորդները նուազ հաւանական է, որ միայն մէկ գիրք թերթատեն եւ զայն ուղղակի տանին գանձող պաշտօնեային: Հետեւաբար, տուրմի բոյրը բան մը փոխած է գրատան մթնոլորտին մէջ, ինչ որ յաճախորդները մղած է քիչ մը աւելի երկար դեգերելու, քան ինչ որ ծրագրած էին գրատուն մուտք գործելէ առաջ:
Ուսումնասիրողները հետեւած են ժողովրդականութիւն վայելող գրական չորս սեռերու մէջ արձանագրուած վաճառքին: Փորձարկութենէն առաջ աշակերտներու խումբ մը ընտրած էր ուտելիքի եւ խմիչքի վերաբերող գիրքերն ու վիպերգական վէպերը` իբրեւ տուրմի բոյրին ներգործութեան ենթակայ նիւթեր: Այլ խումբ մը բնորոշած էր պատմական գիրքերն ու խորհրդաւոր-ոճրային պատմութիւնները: Գրատուն մուտք գործած 201 յաճախորդներէն 119-ը առնուազն մէկ գիրք գնած է այս դասաւորումներուն մէջ:
Ուսումնասիրողներուն տեղեկագիրին համաձայն, առաջին դասաւորումին մէջ գիրքերու վաճառքը աւելցած է 40 առ հարիւրի տպաւորիչ համեմատութեամբ, երբ տուրմի բոյրով լեցուած էր գրատան մթնոլորտը: Երկրորդ դասաւորումին մէջ եւս վաճառքը աւելցած է, թէեւ` աւելի համեստ չափերով, սակայն` նկատառելի 22 առ հարիւր համեմատութեամբ, երբ գրատան մթնոլորտը զերծ էր տուրմի բոյրէն:
Հետաքրքրական է, որ յաճախորդներ աւելի մեծ թիւով ոճրային խորհրդաւոր պատմութիւններ եւ պատմական նիւթերով գիրքեր գնած են տուրմի բոյրին բացակայութեան: Տուրմին բոյրը յաճախորդները հեռացուցած է այս սեռերէն:
Սակայն այս դասաւորումին մէջ գիրքերու վաճառքը ամէն պարագայի աւելցած է տուրմի բոյրին ներկայութեան, յայտնաբար որովհետեւ անոնք, որոնք նախապէս այցելած են պատմական գիրքերու եւ ոճրային պատմութիւններու դարանները, բազմաթիւ գիրքեր գնելու հակամէտ դարձած են:
Այս արդիւնքները ուսումնասիրողները մղած են տալու հետեւեալ գործնական խորհուրդը. «Վաճառատուներ կրնան օգտագործել ընդհանուր մթնոլորտը լեցնող հաճելի բոյրեր` բարելաւելու համար մթնոլորտը, ինչ որ գնորդները կը մղէ աւելի երկար փնտռտուքներ կատարելու»: Այս բոյրերը պէտք է համապատասխանեն վաճառուած իրերուն բնոյթին. օրինակ` աղի ծովու բոյրը պէտք է սրսկել ծովուն վրայ դահուկելու յատուկ իրերու վաճառատան մը մէջ, կ՛աւելցնեն անոնք:
Վստահաբար կ՛արժէ, որ ծանր դժուարութիւններ դիմագրաւող գրատուներ փորձ մը կատարեն: Իրօք, յաճախորդը հաճոյացնելու տուրմին ուժը կրնայ նոյնիսկ մտածել տալ տուրմի ընկերութեան մը եւ գրատուներու ցանցի մը միացումին. ո՞վ պիտի չփափաքէր գնում մը կատարել «Պառնզ էնտ Նեսլէի» մէջ…

