Գիտութիւն Եւ Մարդ. Կարելի՞ Է Վստահիլ Թի.Շըրթով Բժիշկի Մը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԱՒԱԳ ԲԺԻՇԿ ՄԸ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ, ԹԷ ԻՐ ԱՍՊԱՐԷԶԻՆ ՄԷՋ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՇԱՏ ԹԱՓԹՓԱԾ ՀԱՆԴԵՐՁԱՆՔՈՎ ՔՆՆԵԼ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ, ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ, ՈՐ ԲԺԻՇԿՆԵՐ Կ՛ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ, ԱՐԴԵՕՔ ԿԱՐԵՒՈ՞Ր Է, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՀԱԳՈՒԻՆ ԱՆՈՆՔ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԲԺԻՇԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶԻՆ` ՃԵՐՄԱԿ ՎԵՐԱՐԿՈՒԻՆ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ԵՒ ՏԱՐԱԾՈՒՈՂ ՎԷՃԸ:

Բժշկութեան հայրը` Հիպպոկրատ յստակ գաղափար մը ունէր, թէ արտաքին ի՛նչ երեւոյթ պէտք էր ունենար բժիշկ մը. «Մաքուր, լաւ հագուած եւ օծուած` բուրումնաւէտ բալասաններով»: Հաւանաբար Հիպպոկրատ պիտի գնահատէր արդի հիւանդանոցները, որոնք իւրաքանչիւր քայլափոխի «օծանելիքներ» կ՛առաջարկեն` ձեռքերը հականեխելու համար: Սակայն ան թերեւս պիտի քննադատէր այսօրուան բժիշկներուն հանդերձանքը:

Հիւանդանոցներու խորհրդատու Սթեֆանի Տանսըր համոզուած է, թէ բժիշկներուն հանդերձանքի չափանիշները կը նահանջեն: «Պրիթիշ Մետիքըլ Ճըռնըլ» թերթին անցեալ ամսուան թիւին մէջ ան դժգոհութիւն կը յայտնէ, որ բազմաթիւ կրտսեր բժիշկներ այլեւս պաշտօնական շապիկ եւ բաճկոն չեն կրեր, այլ` Թի. շըրթով մը կը ներկայանան հիւանդին:

«Հիւանդներ դժգոհութիւն կը յայտնեն, թէ չեն գիտեր ո՛վ է բժիշկը. անոնք ո՛չ փողկապ կը կրեն, ո՛չ ճերմակ վերարկու, ո՛չ բաճկոն,- կը գրէ Տանսըր:- Բժիշկներ կը կիրարկեն յարգարժան ասպարէզ մը, հետեւաբար պէտք է համապատասխան ձեւով հագուին»:

Թի. շըրթով եւ փողկապով, օսլայուած ճերմակ վերարկուով եւ հաւանաբար իրեն  հետեւող հիւանդապահներու եւ ուսանողներու փաղանգով մը միջանցքներու մէջ քալող բժիշկի (տղամարդ) նախատիպարը Բրիտանիոյ մէջ  անհետացաւ վեց տարի առաջ, երբ պետութիւնը հրապարակեց հանդերձանքի օրէնքներ` արգիլելով ճօճուող փողկապը, երկար թեւերով հանդերձանքը (ներառեալ` ճերմակ վերարկուն) եւ դաստակի ժամացոյցը:

Այս նոր քաղաքականութեան նպատակն է նուազագոյնի իջեցնել հիւանդանոցներու մէջ վարակումներու համեմատութիւնը, եւ սահմանափակել մէկ բժիշկէն միւսը մանրէներու փոխանցումը: Սակայն, տարօրինակ կերպով, Բրիտանիոյ առողջապահութեան սպասարկութեան կողմէ հրապարակուած յօդուած մը, որուն լոյսին տակ որդեգրուած է հանդերձանքի այս օրէնքը, կ՛ըսէր, թէ` «գոյութիւն չունին ուսումնասիրութիւններ, որոնք կ՛ապացուցեն կապ մը բժիշկներու հանդերձանքին եւ առողջապահութեան առնչուած վարակումներու միջեւ»: Այսուհանդերձ, ուսումնասիրութիւնը մատնացոյց կ՛ընէր հանրութեան այն համոզումը, թէ բժիշկներ հիւանդանոցային մանրէներ կը կրեն իրենց հանդերձանքին վրայ:

Բրիտանական «Հենքոք՛ս հաֆ աուըր» կատակերգական ժապաւէնէն (1961) տեսարան մը ցոյց կու տայ, թէ աւանդաբար ինչպէ՛ս կը պատկերացնենք բժիշկները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Իրօք, 2007-էն ի վեր Բրիտանիոյ հիւանդանոցներուն մէջ նուազած է վարակումներու համեմատութիւնը: Սակայն, մանրադիտակային մարմիններու կենսաբան Տանսըրի համաձայն, ապացոյցներ չկան, թէ ասիկա արդիւնք է փողկապներու եւ վերարկուներու բացակայութեան, որովհետեւ հիւանդանոցներ միաժամանակ որդեգրած են մաքրութեան միջոցառումներ:

Տանսըր կը վիճի, թէ հանդերձանքի նոր օրէնքները նոյնիսկ կրնան հակառակ արդիւնք տալ: «Թափթփածութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ անձնական մաքրութեան բացակայութիւն եւ մաքրասիրութեան ցած չափանիշներ», կը գրէ ան:

Տանսըր միակը չէ, որ կը վիճի եւ կը պահանջէ բժիշկին ճերմակ վերարկուին վերադարձը:

Այժմ բազմաթիւ բժիշկներ վիրահատական գործողութեան սենեակէն դուրս կը շարունակեն կրել վիրաբուժի տարազը. կրծքադիտակը (սթեթոսքոփ) եւ անունը հաստատող պիտակը բժիշկը հիւանդապահէն զանազանելու գլխաւոր երեւոյթներն են:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Լոնտոնի Թագաւորական ձրի հիւանդանոցի կնոջական բժիշկ Ատամ Մակոսի համաձայն, այն ուսումնասիրութիւնները, որոնք առաջնորդած են նոր օրէնքներուն, թերի են եւ` սխալ մեկնաբանուած:

«Ինչ որ կը յիշեմ, այն էր, թէ հանրութիւնը չ՛ուզեր, որ առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատողները` հիւանդապահներն ու բժիշկները իրենց տարազով դուրս գան հիւանդանոցէն եւ դարձեալ մուտք գործեն հիւանդանոց: Համաձայն եմ այս կէտին,- կ՛ըսէ ան:- Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ հիւանդները առողջապահական վտանգ կը նկատեն մեր կրած որոշ հագուստները, ինչպէս ճերմակ վերարկուն` բժիշկներու պարագային»:

Ատամ Մակոս կը նախընտրէ թիթեռնիկ-փողկապը:

Մակոս 2009-ին դժկամութեամբ հրաժարած է իր ճերմակ վերարկուէն: «Որոշեցի թիթեռնիկ-փողկապ մը դնել, որպէսզի մարդիկ ճանչնան զիս,- կը պատմէ ան:- Կը հաւատամ, թէ յաջող արդիւնք տուաւ: Հիւանդներ եւ փորձառական շրջան մը անցընող բժիշկներ յաճախ թիթիեռնիկ-փողկապ մը մը կը նուիրեն ինծի»:

Այլ բժիշկ մը հակազդելով «Պրիթիշ Մետիքըլ Ճըռնըլ»-ի մէջ Տանսըրի յօդուածին` կը նկարագրէ վիրահատական այն միջոցառումը, որուն դիմած է` «անդամահատելով» իր ճերմակ վերարկուին թեւերը` հնազանդելով նոր օրէնքին: Երբեմն նման կարճ թեւերով ճերմակ վերարկուով բժիշկներու կը հանդիպինք «Կայ՛զ էնտ Ս. Թոմըս» հիւանդանոցին մէջ, սակայն երեւոյթը աւելի ընդհանրացած է Հնդկաստանի մէջ:

Հզօր Խորհրդանիշ

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ամերիկեան բժշկագիտական միութիւնը երկար մտածած է բժիշկներու հանդերձանքի բրիտանական օրէնքներուն մասին, սակայն առայժմ ճերմակ վերարկուն կը մնայ բժշկագիտական մարզի ամէնէն հզօր խորհրդանիշը երկրին մէջ:

Անիկա սրբապատկերի պէս բան մըն է:

«Մետիքըլ Ճըռնըլ աֆ Ամերիքա» թերթին մէջ 2005-ին լոյս տեսած է ուսումնասիրութիւն մը, որ պատասխանը կը փնտռէր այն հարցումին, թէ բժիշկներուն հանդերձանքը ի՞նչ ներգործութիւն կ՛ունենայ հիւանդներուն վստահութեան վրայ: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է 400 հիւանդներու վրայ: Անոնց ցոյց տրուած են բժիշկներու լուսանկարներու չորս տարբեր տրցակներ, որոնք կը պարունակէին տարբեր սեռի եւ ազգութեան պատկանող բժիշկներու նկարներ:

Լուսանկարներու իւրաքանչիւր տրցակ կը պատկերէր հետեւեալը.

Բժիշկ մը` «գործատէրի» պաշտօնական հանդերձանքով, վայելուչ բաճկոնով, փողկապով եւ կրծքադիտակով:

Նոյն բժիշկը` իր ասպարէզին յատուկ օսլայուած ճերմակ վերարկուով, որուն տակ կը կրէր պաշտօնական փողկապով շապիկը եւ կրծքադիտակը:

Նոյն բժիշկը` թափթփած հանդերձանքով, մարզանքի կօշիկներով եւ կրծքադիտակով:

Նոյն բժիշկը` Թի.շըրթով, ճինզով, մարզանքի կօշիկով եւ կրծքադիտակով:

Ուսումնասիրութեան մասնակցողները պատասխանած են շարք մը հարցումներու: Օրինակ` «Ո՞ր բժիշկը պիտի նախընտրէիր իբրեւ ընտանեկան բժիշկդ», «Այս բժիշկներէն ո՞վ կը կարծես, թէ ամէնէն աւելի հմուտ է եւ կարող»:

Միջին հաշուով բոլոր հարցումներուն պարագային մասնակցողներուն 76 առ հարիւրը ընտրած է բժիշկի ասպարէզին յատուկ ճերմակ օսլայուած վերարկուով տիպարները: Անոնց կը յաջորդեն թափթփած հանդերձանքով բժիշկները: Նուազագոյն համեմատութիւնը կը կազմեն «գործատէրի» տարազով բժիշկները նախընտրած անձերը:

Առօրեայ սովորական հանդերձանքը ստացած է քուէներուն միայն 4.7 առ հարիւրը, թէեւ զայն կրողները այս համեմատութենէն աւելի բարձր գնահատուած են «հոգածու եւ գթասիրտ» երեւոյթով բժիշկներու վերաբերող հարցումներու պատասխաններուն մէջ:

Ասիկա կրնայ զարմանք պատճառել անոնց, որոնք բժիշկին ճերմակ հանդերձանքը կը նկատեն աւանդական եւ վերնախաւի ասպարէզ մը նկատուող ասպարէզի մը խորհրդանիշը, որ կը հակադրուի բժիշկին եւ հիւանդին միջեւ գործակցութեան մերօրեայ արդի գաղափարին:

Ճերմակ վերարկուն որդեգրուած է 19-րդ դարուն, երբ բժիշկներ կը ձգտէին իրենց մասնագիտութիւնը տեղադրել գիտական աշխարհին մէջ: Մինչ բժշկագիտութինը տունէն կը փոխադրուէր հիւանդանոց, այս տարազը  կը դառնար այլապէս արգիլուած վերաբերմունք մը օրինականացնելու միջոց:

«Երբեմն հիւանդներ բժիշկներուն կը պատմեն այնպիսի անձնական գաղտնիքներ, զորս չեն յայտներ նոյնիսկ իրենց կողակիցներուն,- կ՛ըսէ Նիւ Եորքի համալսարանի բժշկագիտութեան բաժանմունքի դասախօս Մարք Հոչպըրկ:- Հետեւաբար, ոչ թէ բժի՛շկը յարգանք կը պահանջէ, այլ` ճիշդ հակառակը. հիւա՛նդը կ՛ուզէ այնպէս զգալ, թէ կը խօսի լուրջ, կարող եւ գթասիրտ անձի մը հետ: Դժուար է այս կերպարը տեսնել, երբ բժիշկը կը նմանի պասին մէջ քովդ նստած ոեւէ անձի մը»:

Բժիշկին նկատմամբ հիւանդին վստահութիւնը կը նկատուի կենսական նախապայման` երաշխաւորելու համար անոր մասնագէտի խորհուրդին կիրարկումը: Տէյվիտ Թոմի կողմէ 1999-ին կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, իրենց բժիշկին վստահող հիւանդներուն 62 առ հարիւրը կանոնաւոր կերպով կ՛առնէ անոր յանձնարարած դեղերը եւ կը հետեւի անոր խորհուրդներուն: Իսկ նուազագոյն վստահութիւն ունեցող հիւանդներուն միայն 14 առ հարիւրը կը կիրարկէ բժիշկին խորհուրդը:

Մինչ բժիշկին ճերմակ վերարկուն հզօր խորհրդանիշ մըն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, անդին` Աւստրալիոյ մէջ բժիշկներու վրայ 2002-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ անոնց 98 առ հարիւրը իր ասպարէզը կիրարկելու ընթացքին չի կրեր ճերմակ վերարկուն:

Միացեալ Նահանգներու տարածքին կարգ մը շրջաններու մէջ բժիշկներ միշտ փողկապ կը կրեն, սակայն այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս` հիւսիսարեւմտեան Խաղաղականի, անոնք երբեմն շապիկ մը կը կրեն միայն:

Մինչ այդ եւրոպացի բազմաթիւ բժիշկներ կը զարմանան ի տես հիւանդանոցին մէջ բժիշկներու ժողովի մը առիթով պաշտօնական լուրջ հանդերձանքով ներկայանալու անկլօ-սաքսոն սովորութեան:

Օսլոյի համալսարանին հիւանդանոցին մէջ զգայազրկման մասնագէտ Եոն Լաաք կ՛ըսէ, թէ բրիտանացի կարգ մը բժիշկներ հիւանդանոց կ՛երթան այնպիսի հանդերձանքով` կարծէք պաշտօնական ժողովի մը պիտի մասնակցին:

«Սկանտինաւիոյ մէջ շատեր պիտի զարմանային,- կ՛ըսէ Լաաք,- երբ տեսնէին վիրաբուժ մը, որ հիւանդանոց կը հասնէր ճերմակ օսլայուած շապիկով, թեւերուն փայլուն կոճակներով եւ պաշտօնական գծաւոր զգեստով, ինչպէս տեսած եմ Լոնտոնի երկու հիւանդանոցներու մէջ»:

 

Գէր Բժիշկներ

Կը թուի, թէ հանդերձանքը բժիշկի մը հեղինակութիւնը շեշտող միակ երեւոյթը չէ:

Բժշկագիտութեան Ճոն Հոփքինզ համալսարանէն Սառա Պլայխ առաջին անգամ մտածած է ուսումնասիրել բժիշկներուն առողջութիւնը, երբ նկատած է, թէ իր ատամնաբուժին ակռաները փտած էին:

Ասիկա միայն հիւանդներուն վստահութիւնը խախտելու հարց չէ: Անցեալ տարի Պլայխ հրատարակեց ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց կու տար, թէ գէր բժիշկներ նուազ հակամէտ են ախտաճանաչելու իրենց հիւանդներուն գիրութիւնը:

Այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ծխող բժիշկներ նուազ հակամէտ են մատուցելու ծխելը դադրեցնելու ցուցմունքներ:

 

Ճերմակ Վերարկուս Եւ Ես

Հոգեբուժ Ժոզըֆ Թոյց կը յիշէ բժիշկի իր ճերմակ վերարկուն:

Վըրճինիայի համալսարանին մէջ բժշկագիտութեան առաջին տարուան ուսանողները նախքան դասընթացքներուն սկսիլը կը կատարեն Ճերմակ վերարկուի արարողութիւնը: Ասիկա մեծ իրադարձութիւն մըն է, թէեւ ուսանողները առաջին երկու տարիներուն հիւանդներ չեն քններ:

Երբ ուսանողութեան երրորդ տարին անոնք կը սկսին աշխատանքներ կիրարկել դարմանատան մէջ, յանկարծ ճերմակ վերարկուն կը վերածուի տգիտութեան ցուցանիշի, որովհետեւ ուսանողները կը հագնին կա՛րճ ճերմակ վերարկու մը, հետեւաբար ամէն ոք, բացի հաւանաբար հիւանդներէն, գիտեն, թէ պարզապէս ուսանող մըն ես:

Ճերմակ վերարկուին գեղեցկութիւնը անոր լայնքն է. անիկա իտէալ է` բոլոր գիրքերդ, նոթերդ եւ գործիքներդ տեղաւորելու եւ կրելու համար:

Երբ հիւանդանոցին մէջ գիտելիքներս կը կիրարկէի փորձառական շրջանի մը համար, կը կրէի երկար ճերմակ վերարկու մը: Կը տառապէի անոր մէջ, կը քնանայի անոր մէջ: Փորձառական այս շրջանը ամէնէն դժուարն է բժշկագիտութեան ուսանողներու համար, եւ վերարկուին հետ առնչուած յիշողութիւններս խառն են:

Երբ աւարտեցինք, ես եւ հոգեբուժութեան դասընկերներս այրեցինք մեր վերարկուները: Տեսակ մը ծիսական անցում մըն էր այս: Գիտէինք, թէ իբրեւ հոգեբուժ` այլեւս երբեք պիտի չկրէինք զայն:

Share this Article
CATEGORIES