«Ազրպէյճան Վրդովուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Դրօշակին Պատճառով»
azerisport.com կայքէջը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական «Ղարաբաղ» ֆութպոլի ակումբը մտադիր է բողոք ներկայացնելու Եու. Է. Էֆ. Ա.-ին` «Եուրոփա Լիկ»-ի զտումի երկրորդ հանգրուանի Պիաստա-Ղարաբաղ մրցումի ընթացքին համակիրներուն կողմէ բարձրացուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշակին պատճառով:
Ազրպէյճանական կայքէջը գրած է, որ դրօշակը պարզուած է միայն այն ժամանակ, երբ դաշտին տէրերը (Պիաստա, Լեհաստան) իրենց երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը նշանակած են (2-1 յաղթանակ ի նպաստ Պիաստայի): Կայքէջը կը նշէ, որ հարցը քննարկման պիտի դրուի Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի կարգապահական կոմիտէին մօտ:
CATEGORIES Մարզական