Գերբաժակի Խաղէն Առաջ Քլոփ Կ՛Անդրադառնայ Մխիթարեանի Բացակայութեան

Քլոփ եւ Մխիթարեան

Գերմանիոյ տարեշրջանի եւ գերբաժակի նախօրեակին, գերմանական Տորթմունտ ակումբի մարզիչ Եորկըն Քլոփ լաւատեսօրէն կ՛արտայայտուի իր խումբին մասին:

Տարեշրջանը սկսելէն առաջ, Տորթմունտի եւ Պայերն Միւնիխի միջեւ այսօր տեղի կ՛ունենայ Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Տորթմունտի «Սիկնալ Իկունտա Փարք» դաշտին վրայ:

Քլոփ ըսաւ, թէ իրենց առաջին աշխատանքը եղաւ խումբը զօրացնել եւ իրենք պատրաստ կը զգան նոր տարեշրջանին համար: Խօսելով այսօրուան խաղին մասին` ան ըսաւ, որ «լրջութեամբ պիտի խաղանք եւ գիտենք, թէ Պայերնը որքան զօրաւոր խումբ մըն է եւ դժուար է իրենց դէմ յաղթանակ տանիլը»: Ան շեշտեց, որ այս խաղը բնաւ վրէժի խաղ մը չէ իրենց համար «Չեմփիընզ Լիկ»-ի պարտութենէն ետք, սակայն անպայման կ՛ուզեն, որ այս բաժակը մնայ Տորթմունտի մօտ:

Ան խօսեցաւ կարգ մը խաղացողներու մասին, որոնք վիրաւոր են եւ պիտի չկարենան մասնակցիլ այսօրուան խաղին, եւ ասոնց մէջ է նաեւ հայազգի մարզիկ Հենրիկ Մխիթարեան: Յիշեցնենք, որ Մխիթարեան Լուզերնի դէմ բարեկամական խաղի ընթացքին էր, որ վիրաւորուեցաւ եւ չորս շաբաթով հեռու պիտի մնայ դաշտերէն:

Սակայն Քլոփ իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ վիրաւորներու կողքին անոնք ունին բազմաթիւ կարեւոր խաղացողներ, որոնք կրնան տարբեր դիրքերու վրայ խաղալ եւ յոյսով են, որ կը յաղթեն այս բաժակը:

Այս լուրը կը հաղորդէ Տորթմունտի պաշտօնական կայքէջը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )