Փիւնիկ Դուրս Մնաց «Եուրոփա Լիկ»-էն
Երեւանի Փիւնիկ ակումբը «Եուրոփա Լիկ»-ի զտումի երկրորդ հանգրուանի մրցումներէն ետք դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Հանրապետական մարզադաշտին մէջ Փիւնիկի եւ Լաթվիոյ ախոյեան Ժալքիրիսի միջեւ տեղի ունեցած խաղը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, եւ առաջին խաղի արդիւնքին հիման վրայ (2-0 ի նպաստ Ժալքիրիսի) հայկական խումբը հրաժեշտ տուաւ այս մրցաշարքին:
Առաջին կիսախաղին, երկու խումբերն ալ չյաջողեցան վտանգաւոր առիթներ ստեղծել եւ խաղին հաշիւը բանալ, սակայն երկրորդ կիսախաղին առաջին տասը վայրկեանը Փիւնիկ նշանակեց խաղին առաջին կոլը եւ շարունակեց իր լաւ խաղը, սակայն Ժալքիրիս նշանակեց հաւասարութեան կոլը եւ այսպիսով խաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
CATEGORIES Մարզական