Փիթ Սամփրաս. «Խոտի Վրայ Միայն Ես Ու Ֆետերերը Ունեցանք Բացառիկ Առաւելութիւն»

Սամփրաս եւ Ֆետերեր

Աշխարհի նախկին թիւ մէկ թենիսմեն Փիթ Սամփրաս կարծիք յայտնեց, որ իր եւ Ռոժէ Ֆետերերին` Ուիմպըլտընի նուաճած տիտղոսներու  մրցանիշը տակաւին երկար ժամանակ անգերազանց կը մնայ: Յիշեցնենք, որ ամերիկացին եւ զուիցերիացին այս մրցաշարքին շահած են 7-ական անգամ:

Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ տասը տարիներուն չ՛երեւակայեր, թէ մէկը կարողութիւնը ունի 5-6 անգամ Ուիմպըլտընը շահելու: Ան ըսաւ, որ այս տարի Էնտի Միւրէյի տարին էր, իր մրցաշարքն էր Ուիմպըլտընը եւ ան կրցաւ յաղթել: Ան նաեւ ըսաւ, թէ ինք վստահ է, որ Ամերիկայի բաց մրցաշարքին ալ Միւրէյ լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգէ` շեշտելով, որ վերջին տարուան ընթացքին Էնտի Միւրէյի խաղաոճը զինք ապշեցուցած էր:

Վերջապէս, նորէն վերադառնալով Ուիմպըլտընի, ան ըսաւ, թէ իր եւ Ֆետերերին խաղաոճը խոտին վրայ խաղալու իտէալն է: Ճոքովիչն ու Միւրէյը յաղթանակներ կը կերտեն, բայց ան նշեց, թէ անոնց մէջ չի տեսներ այդ կարողութիւնը` կտրելու իրենց մրցանիշը: Սակայն իր խօսքը փակեց հետեւեալ խօսքով. «Բայց կրնայ ըլլալ, որ կարծիքս սխալ է»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )