ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՌՈՒՍԻԱ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ՎԱՃԱՌՈՒԻԼ

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 26 մարտին Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի հիւրընկալէ Ռուսիան:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախապէս յայտարարած էր ըսելով, որ այս մրցումին տոմսերուն վաճառքը պիտի սկսի յառաջիկայ 10 մարտին: Սակայն ատիկա որոշուած թուականէն երեք օր առաջ` 7 մարտին սկսաւ վաճառուիլ:

Ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ Արեւմտեան թրիպիւնին տոմսերուն սակը 7000 դրամ է, արեւելեանինը` 5000 դրամ, իսկ հարաւային եւ հիւսիսային թրիպիւններուն սակերը` 3000 դրամ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS