ՃԱՏՐԱԿ. ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՔՈԹԱՆՃԵԱՆ ՄԷԿ ԿԷՏՈՎ ԵՏ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ ԳՏՆՈՒՈՂՆԵՐԷՆ

Իրանի Մաշհատ քաղաքի ճատրակի տղոց միջազգային մրցաշարքին աւարտին մնացած է մէկ հանգրուան միայն եւ ցարդ անորոշ կը մնայ տիտղոսակիրին անունը` նկատի ունենալով, որ 10-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք հինգ վարպետներ ապահոված են 8-ական կէտ:

Մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի վարպետ Տիգրան Քոթանճեան ապահոված է 7 կէտ:

Քոթանճեան մրցաշարքի իր եօթներորդ կէտը ապահովեց, երբ ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց իրանցի Մազթակ Պաքթիփանը:

11-րդ եւ վերջին հանգրուանին, հայրենի վարպետը սեւ քարերով պիտի մրցի իրանցի այլ մասնակցողի մը` Ամիր Ռեզա Փորազանելիի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS