ՍՈՒՍԵՐԱՄԱՐՏ. ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ 2013-Ի ԱՍԻՈՅ ՏՂՈՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Պանքոքէն (Թայլենտ) իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Զիատ Շուէյրի ըսաւ, որ Լիբանան իրաւունք ստացած է հիւրընկալելու 2013-ի Ասիոյ սուսերամարտի տղոց ախոյեանութիւնը:

Նշենք, որ Շուէյրի, Պանքոք մեկնած էր` իրեն հետ տանելով Լիբանանի թղթածրարը, հոն տեղի ունեցած Սուսերամարտի միջազգային ֆետերասիոնին ընդհանուր համագումարին:

Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով արաբական երկրի մը իրաւունք կը տրուի հիւրընկալելու Ասիոյ սուսերամարտի տղոց ախոյեանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS