ՀԱՅՐԵՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան սքանչելի եւ տպաւորիչ ձեւով սկսաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը իր նոր ակումբին` Քրասնոտարի հետ:
Փերմ Ամքարի դէմ տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Եուրա առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացաւ 72-րդ վայրկեանին, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 0-0 հաւասարութեամբ:
Նկատի ունենալով, որ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, երկարաձգում տեղի ունեցաւ: 98-րդ վայրկեանին, Եուրայի մէկ փոխանցումին վրայ Քրասնոտար նշանակեց կոլ մը, որուն շնորհիւ անիկա ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը. ան պիտի մրցի Սպարտակ Մոսկուայի հետ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ֆութպոլի հաւաքականին յետսապահներէն Լեւոն Հայրապետեան, որ մաս կը կազմէ Լեկիա Քրանսքիի (Լեհաստան), նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պոլոնիա Փիթոմի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ամբողջութեան:
Հայրապետեանի կազմը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք այժմ 27 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: Լեկիայի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 մարտին, Ռոպերթ Արզումանեանի խումբին` Եաքելոնիայի դէմ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Արզումանեան Պելչաթովի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ չներկայացաւ:
Թէեւ անոր կազմը այժմ երկու կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Վիլսայէն, սակայն անիկա մրցում մը նուազ կատարած է:
ՄԵԹԱԼՈՒՐԿ Տոնեցքի մաս կազմող հայրենի միջնապահ Արտակ Տաշեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Տինամօ Քիեւի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն, 20-րդ հանգրուան)` դաշտ ներկայանալով 63-րդ վայրկեանին:
Մեթալուրկ այժմ 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ դիրքը: