«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»
– ԱՅՍՕՐ` ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ – ԱՐՍԵՆԱԼ ԵՒ ՇԱԽՏԻՈՐ ՏՈՆԵՑՔ – Ա. ԷՍ. ՌՈՄԱ
– ՎԱՂԸ` ՇԱԼՔԷ – ՎԱԼԵՆՍԻԱ ԵՒ ԹՈԹԵՆՀԱՄ – Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ
«Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք երկուքական ճակատումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան քառորդ աւարտականի իրենց տոմսը ապահովող առաջին չորս խումբերը:
Պարսելոնա, որ երթին Անգլիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, այսօրուան մրցումին դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Ժերար Փիքէի (կախակայուած):
Պարսա, որ յաջորդաբար ութերորդ տարին ըլլալով հասած է 1-16-րդ հանգրուան, երկու անգամ ձախողած է հասնիլ քառորդ աւարտական, երկուքին ալ դուրս մնալով անգլիական կազմերէն` Չելսիէն (2005) եւ Լիվըրփուլէն (2007) պարտուելուն պատճառով:
Այս մրցաշարքին գծով, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ կատարած վերջին եօթը մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած է` նշանակելով 20 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստանալով միայն 2 կոլ:
Նշենք, որ նախապէս երկու կազմերը իրարու դէմ յանդիման եկած են վեց անգամ. Պարսելոնա յաղթած է երեք անգամ, իսկ Արսենալ` մէկ անգամ: Երկու հանդիպում աւարտած է հաւասարութեամբ:
Այսօրուան երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Շախտիոր Տոնեցքը եւ Ա. Էս. Ռոման, իտալական կազմին համար պիտի ըլլայ քիչ մը դժուար, մանաւանդ որ անիկա երթին իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր: Ա. Էս. Ռոմա ունի երկու կախակայուած մարզիկ` Մարքօ Քազեթթի եւ Ժերեմի Մենես:
Տոնեցք իր ամէն կարելին պիտի ընէ` ապահովելու համար քառորդ աւարտականին իր տոմսը, որովհետեւ նախորդ հինգ փորձերուն անիկա այդ տոմսը ապահովել ձախողած է:
Ա. Էս. Ռոմայի խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի, որ վերջերս իր 600-րդ մրցումը կատարեց իր ակումբին հետ, այս մրցաշարքին գծով այսօր, իր 50-րդ մրցումը պիտի կատարէ:
Անոնք երկուքը նախապէս երեք անգամ իրարու դէմ յանդիման եկած են: Ուքրանական կազմը արձանագրած է երկու յաղթանակ, մինչ Ա. Էս. Ռոմա` մէկ յաղթանակ:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, որոնք այսօրուան նման պիտի սկսին ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Թոթենհամ պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը, իսկ Շալքէ` Վալենսիան: Առաջին մրցումը աւարտած է ի նպաստ անգլիական կազմին (1-0), մինչ երկրորդ մրցումը` հաւասարութեամբ (1-1):
Ա. Սէ. Միլանի խմբապետ Կենարէ Կաթուզօ կախակայուած ըլլալով դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ:
Անգլիական խումբերու դաշտերուն վրայ իր կատարած 14 մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած է, այդ ալ վեց տարի առաջ` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ (1-0):
Երկու կազմերը իրարու դէմ յանդիման եկած են երեք անգամ: Թոթենհամ յաղթած է երկու անգամ, մինչ երրորդ մրցումը աւարտած է հաւասարութեամբ:
Շալքէ եւ Վալենսիա, որոնք վաղը վեցերորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման պիտի գան, իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար: Շալքէ յաղթած է մէկ անգամ, ինչպէս նաեւ` Վալենսիա: Երեք մրցում աւարտած է հաւասարութեամբ:
Շալքէէն պիտի բացակայի Լուքաս Շմիթց (կախակայուած):
Գերմանական կազմին համար վաղուան այս ճակատումը կը նկատուի քիչ մը դժուար, որովհետեւ անիկա սպանական կազմերուն դէմ կատարուած վերջին տասը մրցումներուն արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ:
Եթէ Շալքէի սպանացի յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալես վաղը յաջողի կոլ նշանակել, պիտի հանդիսանայ առաջին մարզիկը, որ կը նշանակէ 70 կոլ (եւրոպական բոլոր մրցաշարքերուն գծով):
Նշենք, որ եթէ պատահի, որ այսօրուան մրցումները աւարտին երթին արձանագրուած արդիւնքներուն նման, տեղի պիտի ունենայ երկարաձգում: